«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ՝ 27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2019-ԻՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատուները։ Այսպէս, Գումգաբու փութացին դպրոցի կամաւոր խնամակալ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան եւ փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեան։

Դպրոցի պատասխանատուները նորին սրբազնութեան տեղեկութիւններ տուին ընդհանուր գործունէութեան, առկայ հարցերուն եւ պիւտճէին շուրջ։ Անոնք խնդրեցին, որ նորին սրբազնութիւնը արտօնութիւն շնորհէ դպրոցի ի նպաստ սիրոյ սեղանի մը կազմակերպման համար։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան բերումով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն փոխանցուած մանրամասն տեղեկութիւններուն համար։ Նորին սրբազնութիւնը սիրով ընդառաջեց իրեն ներկայացուած խնդրանքին եւ յայտնեց, որ կ՚արտօնէ այս դպրոցի ի նպաստ սիրոյ սեղանի մը սարքուիլը՝ բարենպատակ ձեռնարկ մը համարելով այս մէկը։

«Հրանդ Տինք» դպրոցին ի նպաստ հանգանակութիւնը տեղի պիտի ունենայ 27 յունուար 2019-ին։

Դպրոցի վարիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին նորին սրբազնութեան եւ դրական տրամադրութեամբ հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018