ԿԱՐՕՏԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ

Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ, անմոռանալի վարպետ հոգելոյս Արա Կիւլէր շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ իր մահուան երրորդ տարելիցին առթիւ։ Երէկ, Արա Կիւլէրի Շիշլիի գերեզմանատան հողակոյտին վրայ կատարուեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Հոգեհանգստեան կարգը կատարեց Նորին Ամենապատուութեան գաւազանակիրը՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Արա Կիւլէրի շիրիմին շուրջ համախմբուած էին շարք մը երախտաւորներ, որոնք հերթական անգամ իրենց խոնարհումը բերին անոր յիշատակին առջեւ։ Արա Կիւլէր այնպիսի մեծութիւն մըն էր, որ իր մահէն վերջ ալ արժէքը ժամանակի ընթացքին կը թարմանայ, վերստին կը բիւրեղանայ, նաեւ անոր նկատմամբ մեծ կարօտը հետզհետէ կը խորանայ։

Երէկուան ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ամփոփ խօսքով մը հանդէս եկաւ եւ ընդգծեց Արա Կիւլէրի կեանքին ու գործունէութեան շարք մը առանցքները, որոնց շնորհիւ հոգելոյս վարպետը ժամանակներու ընթացքին կ՚արժանանայ երանութեան եւ բռնած է անմահութեան ճանապարհը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2021