Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՄԱՇԱԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԳԱՏԸԳԻՒՂ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբթուան մէջ այցելեց Գատըգիւղ՝ նախընտրական քարոզարշաւի ծիրէն ներս։ Ս. Թագաւոր եկեղեցի հանդիպելէ վերջ, 13 նոյեմբեր, չորեքշաբթի երեկոյեան, նորին սրբազնութիւնը ժողովրդական հանդիպումի մը մասնակցեցաւ Արամեան սանուց միութեան մէջ։

Իսկ 16 նոյեմբեր, շաբաթ, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան դարձեալ այցելեց Գատըգիւղ՝ այս անգամ մասնակցելու համար նախաճաշի մը՝ իր նարնջագոյն ցուցակի պատգամաւորի թեկնածուներուն եւ համակիրներուն հետ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2019