ՅԱՐԱՏԵՒ ՆԵՐՇՆՉԱՆՔԻ ԱՂԲԻՒՐ

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բազմակողմանի ու վիթխարի ժառանգութիւնը շաբաթավերջին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս վերարժեւորուեցաւ յատկանշական ձեռնարկով մը։ Պատրիարքական Աթոռի եւ Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանի համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ծրագիրը եկաւ ապացուցանել, որ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը յարատեւ ներշնչանքի աղբիւր մնալ կը շարունակէ։ Թէ՛ հոգեւոր եւ թէ գիտական բնոյթով այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց հետաքրքիրներու շրջանակ մը։

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին առթիւ Սաքըզաղաճըի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած արարողութիւնները հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի գլխաւորութեամբ արարողութեան մասնակցեցան Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, Հ. Աբրահամ Ծայրագոյն Վարդապետ Ֆրատեան, Հ. Միքայէլ Վրդ. Ուչար եւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէն եւ Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։

Հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ համայնքային վարժարաններու վարիչներ, ուսուցիչներ, աշակերտներ, ինչպէս նաեւ մշակութասէրներ։

Հանդիսութեան սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Հ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան, որ ողջունեց ներկաները եւ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մասին։ Ապա, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական կոնդակը։

Ապա, սկսաւ խաղաղական ժամերգութիւնը, որուն երգեցողութիւնները կատարուեցան միացեալ դպրաց ու հոգեւորականաց խումբի կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։ Ժամերգութեան ընթացքին բանախօսեցին Զեքիեան Գերապայծառը՝ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի՝ համաքրիստոնէական առանձնացող մեծութիւն, ռահվիրայ՝ եկեղեցիներու համամիութեան» նիւթով, իսկ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան՝ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ՝ իր գրական վաստակով» նիւթով։

Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան ներկայացուց սուրբին գրական վաստակը եւ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան ընթացքին յատկապէս նշանաւոր դարձած գործերը։ Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ. «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եղած է գրական, աստուածաբանական, եկեղեցական, վարչական հանճար մը եւ այս բոլորին որպէս հետեւանք հեղինակ դարձած է բազմաթիւ գործերու, որոնք տակաւին կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը։ Յատկապէս Ընդհանրական թուղթը, Եդեսիոյ ողբը, Յիսուս Որդին, աղօթքներն ու շարականները, որոնք կը ներկայացնեն թէ՛ սուրբին հոգեւոր ապրումներն ու վարչական կարողութիւնները եւ թէ լոյս կը սփռեն շրջանի հոգեւոր եւ քաղաքական կեանքին»։

Իսկ Զեքիեան Գերապայծառ շեշտեց սուրբին միջեկեղեցական եւ միջկրօնական կեանքի մասին մտորումները։ Ան եղած էր եկեղեցիներու համամիութեան ջատագովը, հաւատարիմ մնալով Հայ Եկեղեցւոյ պատմական սկզբունքներուն, աւանդութեան եւ հոգիին։ Այս առումով, ինք երբեք չէ զիջած Հայ Եկեղեցիին արմատներէն, այլ՝ կամքը ունեցած է Հայ Եկեղեցին առաւել եւս ծանօթացնել համաքրիստոնէական ընտանիքին իր հայեացքով։ Ինք, նաեւ ապրած ըլլալով ոչ-քրիստոնեայ շրջանի մը մէջ, նաեւ վճռական մտածումները յայտնած է քրիստոնէից եւ ոչ-քրիստոնէից մասին։ Յատկապէս Խաչակիրներու ժամանակ, Բիւզանդիոնի կայսեր հետ ունեցած նամակագրութիւնը ապացոյցն է, թէ ինք որքան ընդունելութիւն գտած է որպէս վարիչ։ Իսկ երկրորդ՝ ինք շատ պարզ ձեւով կը ներկայացնէ համամիութեան գաղտնիքը, ըսելով. «Նոյն մտածումը տարբեր ձեւերով կրնայ ներկայացուիլ։ Հետեւաբար, զանազանութիւնները միշտ ցոյց չեն տար տարբեր հաւատալիքը»։ Իր խօսքերու աւարտին Զեքիեան Գերապայծառ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որուն եւս օրհնութեամբ եւ բարձր ներկայութեամբ, Պոլսոյ պատմական շրջանի մը մէջ միասնաբար կը նշուէր Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը։

Խաղաղական ժամերգութեան աւարտին, բոլոր ներկաներ միասնաբար արտասանեցին Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի գրի առած «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը։ Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ ըսաւ. «Սա մեզի կը յիշեցնէ, թէ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի հուրը տակաւին չէ շիջած, երբ առիթներ հանդիսանան, զօրաւոր ձեւով ցոյց կու տայ իր ներկայութիւնը։ Իր գրած աղօթքները, շարականները այսօր եւս կ՚երգուին եկեղեցիներուն մէջ։ Հետեւաբար, այս գիշերը վստահաբար Պոլսոյ պատմական յիշատակութիւններու շարքին անցած է»։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նաեւ անդրադարձաւ աղօթքի կարեւորութեան եւ ըսաւ, թէ Սուրբ Ներսէսը արդէն իսկ սուրբ անձնաւորութիւն էր եւ Աստուծոյ հետ իր կապը պահած էր հոգեւոր կեանքի նուիրուած իր կեանքով։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ ըսաւ հետեւեալը. «Ան գրի առած է աղօթքներ, որպէսզի հայեր առաւել եւս զօրաւոր ձեւով կապ հաստատեն Աստուծոյ հետ աղօթքի ճամբով։ Սուրբ Ներսէսի գրի առած աղօթքները, շարականները տեղ գտնեն մեր ժողովուրդի առօրեային մէջ, որովհետեւ այդ մէկը թէ՛ որպէս հոգեւոր ժառանգութիւն պիտի գովէ մեր անցեալի արժէքները եւ թէ իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ մեր զրոյցներուն եւ խօսակցութեանց մէջ»։

Հուսկ, միասնաբար արտասանուեցաւ Տէրունական աղօթք։

Հանդիսութեան աւարտին եկեղեցւոյ «Աղաճանեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2023