ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն մը։ Միջեկեղեցական այս ժամերգութեան նախագահեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Նորին Սրբազնութեան կողքին էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ այլ քահանայ հայրեր։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն եւ քաղաքիս այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու կողմէ եկեղեցականներ։ Բոլորն ալ իրենց լեզուներով արտասանեցին աղօթքներ խաղաղութեան համար։ Միջեկեղեցական այս ժամերգութեան հետեւեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Գուրուչէշմէի թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Իրմա Փոլատ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր հիւրերը։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 19, 2017