ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Տիարպաքըր քաղաքի հայկական սրբավայրերու վերականգնման ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին։ Վերջին շրջանին այս խնդիրներու լուծման հետամուտ է Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Կը տեղեկանանք, որ նորին սրբազնութիւնը վերջին օրերուն այցելութիւն մը տուած է Տիարպաքըր՝ իր հետն ունենալով ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզը։

Տիարպաքըրի Չիւնկիւշ գաւառակին մէջ ներկայիս ծրագրուած է 19-րդ դարէն մնացած Ս. Կարապետ հայկական եկեղեցւոյ վերակառուցումը։ Այս ուղղութեամբ նախագիծ մըն ալ պատրաստած է ճարտարապետ Ալի Նոզօղլու, որ ծրագրին պատասխանատուն է։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Գէորգ Էօզգարակէօզ նախընթաց օր Տիարպաքըրի մէջ նախ հանդիպում մը ունեցան Վաքըֆներու շրջանային տնօրէն Մեթին Էվսէնի հետ։ Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցաւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ վերակառուցման հեռանկարին շուրջ զանազան հարցեր։

Աւելի վերջ նորին սրբազնութիւնը հիւրընկալուեցաւ Տիարպաքըրի կուսակալ Հասան Պասրի Կիւզէլօղլուի կողմէ։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան նմանատիպ հարցեր։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խնդրանք ներկայացուց, որպէսզի այս վերակառուցման ծրագրի ծախսերը դիմագրաւուին կուսակալութեան կամ քաղաքապետարանին կողմէ։ Հասան Պասրի Կիւզէլօղլու խոստացաւ մանրամասն ծանօթանալ հարցին եւ ըստ այնմ տեսնել, թէ ինչ ընել հնարաւոր է այս խնդրանքին ընթացք տալու համար։

Ի շարունակութիւն Տիարպաքըրի շփումներուն՝ երէկ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Գէորգ Էօզգարակէօզ Տիարպաքըրի կեդրոնէն մեկնեցան Չիւնկիւշ գաւառակը, ուր տեղւոյն վրայ ծանօթացան Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ներկայ կացութեան։ Անոնք հիւրընկալուեցան նաեւ Չիւնկիւշի գաւառապետ Զիւպէիր Արսլանճայի կողմէ։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Գէորգ Էօզգարակէօզ արդէն վերադարձան քաղաքս։

Ուրբաթ, Յունուար 19, 2018