ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՕՐՈՎ ՈՒՇԱՑԱԾ ՆԱՄԱԿ ՍԻՐԵԼԻ ՀՐԱՆԴԻՆ

Իրադարձութիւններու կեդրոնին ենք հիմա։ Հայ-թրքական թնճուկի ամենածանր մէկ շերտին վրայ ընդգծուած է անունդ, որուն ամբողջ հասակին շուքը կը տարածուի հոս՝ Երեւանի մէջ եւ կը հասնի մինչեւ Պոլսոյ ամենախոր հատուածները։

Ամէն տարուան նման ինքնութեան մեծ «հանդէս»ի այս օրը, կարմիր մեխակներու եւ յաւիտենութեան կարմիր շունչի օրը կը դառնայ կարծես։ Տարիները կը փոխուին, սակայն, դէմքիդ վրայ ուրուածգուած մարդկայնութեան ճիչը կը մնայ նոյն պատուանդանին վրայ։ Այդ ճիչը սառած եւ անշարժ՝ ինչպէս քարերը շիրիմիդ, որու գտնուած գերեզմանատան դռներուն դիմաց մեզ ծաղիկներով դիմաւորեցին «չինկէնէ» կամ «զազա» ծաղիկ վաճառողները։

Ներսը անսահաման լռութիւն է, յաւիտենութեան պահն է հոն, բայց չէ՞ որ, դուն կեանքին համար կը վազէիր՝ արագ, իրարանցումներուն մէջէն, յաճախ խենթ բառերով, անսպասելի նշումներով ու նոյնիսկ մտածելով, որ նոյնիսկ վախուորած աղաւնին (եթէ կը գիտակցի ահի մեծ զգացումը) գիտէ ծայրէն քալել, գիտէ պրկուիլ, գիտէ վտանգէն հեռու քալել եւ գիտէ ապրիլ։ Կեանքի մէջ յաճախ կան պահեր, երբ ճակատագրիդ հետ հաշտ ու համակերպ կ՚ըլլաս։ Գիտես, վիճակները փոխելու ճիգդ սխալ է, կը գիտակցիս, բայց վստահ ես նաեւ, որ նոյն այդ խօսքդ վաղուան համար նոր արշալոյս պիտի բանայ։

Դուն այդպէս ըրիր, ախբարի՛կ, առանց ձեռքերդ պարզելու կամ առանց նոյնիսկ պահի մը համար գլուխդ պահելու։

Երեւան հրատարակուած (եւ քու հեղինակած՝ «Երկու մօտ ժողովուրդ, երկու հեռու հարեւան») հատորի աւարտին կը գրես. «Որպէս Թուրքիա բնակող հայ՝ տարբեր հասցէատէրերու դիմած ատեն յատկապէս երկու հանգամանք կարեւորած եմ. առաջին՝ տուեալ հասցէատիրոջ քննադատելու կարողութիւնը, երկրորդ՝ այդ հասցէատէրերը իրարու հետ չշփոթելը... Ցաւօք, այդ հասցէատէրերը մեծամասնութեամբ նոյն կարեւորութիւնը չտուին: Եւրոպացիներու հետ խօսած ատեն զանոնք քննադատած եմ, սակայն, իմ այս քննադատութիւններէն հայերը կամ թուրքերը ստանալով իրենց բաժինը, կարծիքները վատաբանած կամ գովաբանած են: Թուրքերու հետ ալ խօսած ատեն զանոնք քննադատած եմ, բայց, ասկէ ալ եւրոպացիները կամ հայերը ստանալով իրենց բաժինը, քննադատութիւններուն ուղղած են պարսաւանքի կամ դրուատանքի խօսքեր: Բնականաբար, հայերու հետ ալ խօսած ատեն զանոնք քննադատած եմ, սակայն, անկէ ալ յատկապէս թուրքերը իրենց բաժինը ստանալով, քննադատած կամ գովաբանած են ձեւակերպումները: Կը կարծեմ, թէ այդ ինծի նման մէկուն համար այսուհետեւ անխուսափելի խոչընդոտ մը պիտի դառնայ: Սակայն ի՞նչ ընել. այս ամէնուն դէմ ես՝ անկեղծ ըլլալէն բացի, այլ միջոց չունիմ: Եթէ հասցէատէրերը զիս շփոթեն, միեւնոյնն է, ես զիրենք չեմ չփոթեր, սա՛ է ամբողջը...

«Այստեղ անգամ մը եւս կը ցանկայի կրկնել «ցեղասպանութի՞ւն էր այս, թէ ոչ» քննարկումներու հետ կապուած իմ ընկալումները: Ես ո՛չ կրնայի մասնակցիլ Ապրիլի 24-ին կազմակերպուող երթին, ոչ ալ իմ նախնիներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողներ կանգնեցնել։ Սակայն զանոնք ո՛չ այն օրերուն թողեցի, ոչ ալ մեր օրերուն քարացուցի։ Ստանձնեցի զանոնք իմ մէջ ապրեցնելու գործը։ Ուժերուս սահմաններուն մէջ զանոնք իմ ապագան տարի։ Ես կը մաքառէի «ամէնքի» եւ «ամէն ինչի» դէմ, որ կը փորձէր կանգնիլ նպատակիս ճանապարհին։ Ի հարկէ, ես գիտեմ նախնիներուս պատահածը: Սա ձեզմէ ոմանք կը համարեն «կոտորած», ուրիշներ՝ «ցեղասպանութիւն», շատեր՝ «տեղահանութիւն», կան տակաւին «ողբերգութիւն»: Իմ նախնիներն ալ Անատոլու բառը արտաբերելու ատեն «ջարդ» կ՚ըսէին։ Երբ պետութիւն մը իր քաղաքացիներուն, անոնց կարգին անպաշտպաններուն, նշանակութիւն չտալով՝ երեխայ, կին, տարեց, իրենց միջավայրէն արմատախիլ ընելով, անյայտ եւ անծայրածիր ճանապարհներ կը հանէ եւ անոր հետեւանքով ալ կ՚ոչնչանայ ժողովուրդի մը մեծ մասը, այսօր, երբ մենք պատէպատ կը խփուինք կատարուածը բնութագրելու բառեր գտնելու համար՝ մեր մարդ ըլլալու առանձնայատկութիւնը ալ ո՞ր բնորոշմամբ պէտք է սահմանել։ «Ասոր ցեղասպանութի՞ւն ըսենք, թէ գաղթ»։ Եթէ նման խորամանկութիւններ պիտի ընենք եւ երկուքն ալ նոյն ձեւով չենք կրնար դատապարտել՝ ցեղասպանութեան փոխարէն նախընտրելով տեղահանութիւն կամ ալ տեղահանութեան փոխարէն ցեղասպանութիւն բառը, մեր մարդկային ծագման արժանապատուութեան ո՞ր մասը պիտի կարողանանք փրկել»։

Այո՛, այդպէս էր։ Որովհետեւ բուժող մարդու մը բոլոր խօսքերը պիտի չընդունին, զինք պիտի մեղադրեն, չընդունին անոր «բուժում»ը, զինք պիտի դարձնեն ժողովուրդներու թշնամի, անկարեկից ու մինակ մարդ, որ սխալ բաներ կը խօսի... Մեծ մասը անոնց, որոնք հայ եւ թուրք ժողովուրդներու անունով կը խօսին ու բոլոր անոնք, որոնք երկար հաղորդագրութիւններ կը խմբագրեն, «տաք տեղեր»է կը խօսին։ Ապահոված են իրենց «թիկունքը», կը խօսին մեծ զանգուածներու համար հաճելի նախադասութիւններով, յարելով միայն դիմացի մայթերուն՝ մոռնալով, որ մայթը ընդհանրապէս անցնելու համար է եւ վերջնական ճանապարհը չէ ապրումին համար, կեանքին համար եւ պայծառ գալիքին համար։ Անոնք ջերմ բարեւներ կու տան, ջերմ անէծքներ՝ յանուն ժողովուրդներու պայքարին, յանուն թշնամութեան, որ յանկարծ կը վերածուի մահուան եւ նոր շիրմաքարերու աւելացման։

Ինչքան դժուար է, սակայն, երբ այդ «տաք տեղ»երէն չի բխիր խօսքը իրականութեան, որուն մասին դուն դարձեալ կը գրես, որ «ճանապարհ է երկու ժողովուրդներու երջանկացման»։

Իսկ հիմա՝ 2022-ին, ինչքան դժուար է խօսիլ հայ-թրքական օրակարգին մասին, որ խոյակ առ խոյակ կը դառնայ պատկեր մեր պաստառներուն վրայ։ Ահէն, մահէն, վախէն, թախիծէն ու պատերազմէն յետոյ ան նման է ծաղրի մը, որ կ՚ուղղուի անոր, որ վէրքին եւ ցաւին մէջ կը կոտտայ՝ սիրտը դրած ափերուն մէջ, պահելու համար այդ ցաւը, որ իրեն երկարեցին։ Ինչքան անորոշ է այս ցերեկը եւ ինչքան մութ կայ այս արեւուն մէջ, որուն կը հայինք, առանց գետին նայելու... Գետնին մահ է, վէրքի եւ տառապանքի ամբողջ տոպրակը, որ բացուած է մեր գլխուն եւ մեր մարմնի ծայրերուն, ուր հիմա կ՚աճին փոքրիկ խողովակաշարեր, որոնք չեն խօսիր մեր բառերով։ Թրքերէնը «պարտադիր» կը դառնայ մեր ընկալումներուն մէջ՝ պահ մը մոռցնելու մեզի, որ միշտ պէտք է մեր ձեռքէն բռնեն, մեզ հանեն պտոյտի, որ մեր հիւսկէնները արդէն յոգնած են եւ հարց տան՝ ունի՞նք հիմա մենք տալիք մարդկութեան։ Դարձեալ նոր ու տաք խմբագրականներ կը գրուին՝ Լոս, Արժանթին կամ ուր, որ հայը կ՚երազէ իր հին-նոր վրէժին մասին։ Բերնին ծայրը սիկառի եաթաղանն է կամ այն կարմիրը, որմէ մեխակներ կ՚աճին Պոլսոյ շուկաներուն մէջ։ Կամ այն սպասումին, որ մեզ պիտի կապէ քու մեծ երազիդ, ըստ որուն, մենք խաղաղ աչքերով պիտի նայինք հեռացող ու ետ դէպի մեզ եկող գնացքներուն, որոնք սրաթռիչ են մեր բանաստեղծներու մեծ յուզումներուն պէս։ Մեր բանաստեղծները գիտէին գինիէն անդին նայիլ, նայիլ արցունքով լեցուն բաժակներուն, մեր մեծ կորուստներուն, մեր «թոքատապէ» բռնուած եւ մարդասիրական գնացքներով դէպի Անատոլուի խորքերը հասնող գնացքներուն։

Օ՜հ Անատոլու բառը. այս բառին համար ինչքան մեծ կռիւներ կը բանին, ինչքան կը մաշեցնէ մեզ մեր անցեալը ու ինչքան կ՚ուզենք դէպի հեռու երթալ՝ ոչ մէկ բառ չլսելու համար ու ապրելու խաղաղութեան եւ մեծ լռութեան գերագոյնին մէջ։

Ի վերջոյ ո՜վ է ան, որ պիտի խօսի քու բառերովդ, ո՜վ է ան, որ պիտի զղջայ քեզի համար եւ ո՞վ է ան, որ պիտի հասկնայ քու պատգամիդ վսեմութիւնը։ Կարծես ուրիշ աշխարհի մը համար կը գրես, ուրիշ աշխարհի մը համար կ՚ապրիս, ուրիշ աշխարհ մը կը կայմես՝ հակառակ անոր, որ դեռ գարունները մեզ պիտի պաշարեն ամէն անգամ, երբ այս սեղմ ու ծանր բառերուն մէջ մեր ճակատագրէն բաժին մը կը յառնէ։

Թուղթի կտոր մը, հայեացք մը, ձեռք մը բացուած խաղաղութեան համար ու հասակ մը... անյատակ այդ երկրին, որ աշխարհի սկիզբն է ու աշխարհի վերջն է կարծես։ Հո՛ն «տանդ» առջեւ, հասակիդ առջեւ, սպիտակ սաւանին առջեւ, որ ծածկեց քու վիրաւոր մարմինդ… Վիրաւոր՝ մեր նետերէն, վիրաւոր՝ «անոնց» նետերէն, վիրաւոր՝ միւսներուն նետերէն, վիրաւոր՝ նետերէն քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհին, որ հանգիստը չ՚ուզեր մեր արեւելքին։

Այս բոլորին համար, որ մեզ կը կապէ այդ ջուրին, որ կը հոսի եւ այն ինչ, որ դադար չունի, յաւիտենական է, քու բառերուդ պէս, որոնք միտք չեն միայն, այլ զգացում են ու ապրում՝ մահուանդ մեծ սնարին առջեւ։ Եւ այդ սնարը, կարծես, աշխարհն է, որուն վրայ արքայավայել պառկած ես դուն, ուր ձեռքերդ խաղաղութեան դրօշներ են արդէն։

Խաղաղութի՜ւն քու եւ մեր անհանգիստ հոգիներուն, բոլոր դեռատի հոգիներուն, որոնց ցասումը կը լեցնէ այս մեծ պարոյրը՝ մահուան դէմ պոռալու, ներողութեան համար պոռալու, սիրոյ համար պոռալու եւ ապրումին համար պոռալու։

Քու յիշատակդ, որ այս մութ-ցերեկուան մէջէն կը պատռէ բոլոր ցաւի անցումները եւ մեզի՝ ապրողներուս, խաղաղութիւն կը ձօնէ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 19, 2022