Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԷՐԻԻ՝ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ան­մո­ռա­նա­լի նկար­չու­հի Քրիս­տին Սա­լէ­րիի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած՝ ման­կանց նկար­չու­թեան մրցոյթ մը, որ չոր­րոր­դը պի­տի ըլ­լայ իր նման­նե­րու շար­քին։ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ այս շա­բա­թա­վեր­ջին նա­խա­տե­սուած է ձեռ­նար­կը, ո­րու շրջագ­ծով տղա­քը ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանք պի­տի տա­նին ե­րեք դա­սա­ւո­րում­նե­րու մէջ։ 

Այս շա­բա­թա­վեր­ջի գործ­նա­կան հանգ­րուա­նէն վերջ տղոց աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի ար­ժե­ւո­րուին դա­տա­կազ­մին կող­մէ։ Ինչ­պէս նա­խորդ մրցոյթ­նե­րուն ե­ղած էր, այս ան­գամ եւս մրցա­նա­կա­բաշխ­ման հա­մար տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ա­ռան­ձին հան­դի­սու­թիւն մը, ո­րու ժա­մա­նակ պի­տի յանձ­նուին դափ­նե­կիր­նե­րուն պար­գեւ­նե­րը։ 

Դա­տա­կազ­մի ան­դամ­ներն են՝ Ար­շօ Գաս­պա­րեան, Ար­թին Տէ­միր­ճի, Մառ­լէն Թէ­քիր­տաղ­լը­ճան, Մայ­տա Սա­րիս եւ Ռե­հան Սա­րը­պայ։

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2015