ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց ՃՀՓ-ի Ֆաթիհի քաղաքապետի թեկնածու Մահիր Փոլատը։ Նորին Ամենապատուութիւը ողջունեց հիւրերը եւ զրոյցի ընթացքին տեղեկութիւններ ստացաւ Ֆաթիհի վիճակին մասին եւ յիշեցուց նաեւ համայնքի ակնկալութիւնները։

Քաղաքապետի թեկնածուն վստահութիւն յայտնեց՝ աշխատիլ իրենց վստահուելիք շրջանի հարցերու լուծման ուղղութեամբ։ Ան նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ ապագայ ծրագիրներու մասին։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար ու յաջողութիւն մաղթեց իրեն։

Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024