ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԳԵՏԻՆ

Համայնքային շրջանակները կը շարունակեն ուշադրութեամբ հետեւիլ Էսաեան վարժարանի վերաբերեալ իրադարձութիւններու։ Ինչպէս ծանօթ է, Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը որոշած էր յառաջիկայ օգոստոսի դրութեամբ պաշտօնէ ազատել Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանն ու միջնակարգի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէն։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս խոր ցնցում յառաջացուցած այս իրադարձութիւնը կը զուգորդուի Պատրիարքական Աթոռի անմիջական հետաքրքրութեամբ։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հայրական ուշադրութեան առարկայ կը պահէ այս նիւթը։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմի, Սաթենիկ Նշանի եւ Առլին Եշիլթեփէի հետ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շաբաթավերջին ալ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին նամակ մը ուղարկած էր՝ հայրական շինիչ յորդորներով։ Իսկ երէկուան հեռախօսազրոյցներու ընթացքին ան Պատրիարքարան հրաւիրած է Սիմոն Չեքէմը, Սաթենիկ Նշանն ու Առլին Եշիլթեփէն՝ քննարկելու համար ստեղծուած իրավիճակը։ Բոլորն ալ ընդունած են ընդառաջել Նորին Ամենապատուութեան հրաւէրին։ Պատրիարքարանի այս հանդիպումը պիտի կազմակերպուի, երբ փողոց դուրս գալու արգելքը ջնջուի 65 տարեկանէ վեր քաղաքացիներու համար՝ քորոնաժահ-րի համաճարակով պայմանաւորուած առկայ մթնոլորտին մէջ։

Համայնքային շրջանակները կ՚ակնկալեն, որ այս հարցը ունենայ դրական լուծում մը, մինչ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառութեան մէջ կը մնան յամառ սպասումները, որպէսզի Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը վերատեսութեան ենթարկէ իր որոշումը։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2020