ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Շիշլի մարզակումբի 43-րդ շրջանի ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ երէկ երեկոյեան եւ արդիւնքին՝ պաշտօնի կոչուեցաւ նորընտիր վարչութիւնը։ Համագումարը տեղի ունեցաւ ակումբի հաւաքատեղիին մէջ։ Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած վարչական կազմը, ըստ էութեան, պահած ըլլալով հիմնական դիմագիծը, յառաջիկայ շրջանին պիտի շարունակէ ստանձնել ակումբին ղեկը։

Համագումարի դիւանին մաս կազմեցին Հայկարամ Քարասու (ատենապետ), Յարութիւն Արիֆ Էրկիւնէշ, Թամար Քարասու եւ Տիանա Ալթուն։

Օրակարգի գործադրութիւնը սկսաւ յարգանքի լռութեամբ։ Ժողովականները այս փուլին մասնաւորապէս վերյիշեցին ակումբի նուիրեալներէն՝ Մուրատ Պերճ Օքանը, Նազար Հանչէրը, Զօհրապ Էրզուրումլուօղլուն եւ Արեգ Գույումճեանը, որոնք վերջին մէկ տարուան ընթացքին մահացած էին։

Ակումբի վարչութեան 42-րդ շրջանի գործունէութեան եւ ելմտական տեղեկագիրներն ու կանոնական միւս մարմիններու զեկոյցները ընթերցուեցան եւ հաստատուեցան համագումարին կողմէ։ Այս շրջանակին մէջ ընդգծուեցաւ, որ Շիշլի մարզակումբը նոր սերունդէն շուրջ 500 պատանիի կամ երիտասարդի մարզական հնարաւորութիւն կ՚ապահովէ։ Ակումբը գործունէութիւն կը ծաւալէ 7 ճիւղի՝ պասքեթպոլի, վոլէյպոլի, ֆութսալի, ճատրակի, փինկ-փոնկի, մարմնամարզի եւ թենիսի մէջ։ Այս բոլոր ուղղութիւններով արձանագրուած յաջողութիւնները գնահատանքով ընկալուեցան համագումարի մասնակիցներուն կողմէ։

Ընդհանուր ժողովի անդամներուն քուէարկութեամբ նորընտիր վարչութիւնը ձեւաւորուեցաւ ըստ հետեւեալի. Ալէն Թեքպըչաք, Արթօ Փեհլիվանեան, Տիանա Ալթուն, Արեգ Տոլար, Ազատ Զարեհ Քարաքաշ, Սարվէն Չաքմաք, Ճուլիա Այսելի, Սեւան Շահինկէօզ, Արէտ Մկրտիչօղլու, Սելին Արմաւ Կէզէրօղլու, Ժիլտա Պալ եւ Վարդան Պալմումճու։ Համագումարի ընթացքին պաշտօնի կոչուեցաւ նաեւ վարչութեան աջակիցներու խումբ մը, որուն մաս կը կազմեն Պերֆին Եւա Տեմիրճեան, Սեւան Քըլըճեան, Քատէր Էօճալ, Սօնա Ճերմակեան, Արթուն Թեքիրօղլու, Նայեատ Սահակօղլու եւ Խաչիկ Ինկիլիզօղլու։

Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք համագումարէն վերջ մեզի յայտնեց, որ յառաջիկայ շրջանին ջանքեր պիտի գործադրեն, որպէսզի ակումբը ունենայ՝ ընկերային հաւաքատեղիի բնոյթով նոր երդիք մը։

Միւս կողմէ, համագումարի ընթացքին ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողակիցը՝ Սէրլի Թեքպըչաք անակնկալ մը մատոյց իր ամուսնոյն, ինչ որ բոլոր ներկաներու տրամադրութիւնը բարձրացուց։

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2023