ՇԱՀԵԿԱՆ ՅՈՒՇԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է հետաքրքրական գիրք մը, որու հեղինակն է ամերիկահայ ակադեմական ու հասարակական գործիչ Առլէն Ոսկի Աւագեան։ «Առիւծ կնոջ կտակը. ամերիկահայուհիի մը ուղեւորութիւնը դէպի ֆեմինիզմ» կը կոչուի այս գիրքը, որ առաջին անգամ 1992 թուականին հրատարակուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ «Արաս»ի ներկայ հրատարակութեան համար գործը անգլերէնէ թրքերէնի թարգմանած է Մերալ Ճամճը։ Ռոպէր Քոփթաշի կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած գիրքին համար յառաջաբան մը գրի առած է ակադեմական Այշէ Կիւլ Ալթընայ, որ հեղինակին հետ ունեցած է բարեկամութիւն։ 

Հետաքրքրական յուշագրութիւն մըն է այս մէկը՝ զանազան առումներով եւ վստահաբար արժանանայ գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան։ Առլէն Ոսկի Աւագեանի մեծ մայրը եղած է Էլմաս Թութուեան՝ Քասթամոնուէն, 1915-ի վերապրած մը։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020