ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ հիւրընկալուեցան ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ ակումբի անդամներէն Զարեհ Քարաքաշ։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ ներկայացուեցան ակումբի դիմագրաւած առկայ հարցերուն՝ մանաւանդ պիւտճէի բացին մասին։ Շիշլիցիները յայտնեցին, որ համայնքին դիմելու անհրաժեշտութիւն կը զգան։ Ալէն Թեքպըչաք եւ Զարեհ Քարաքաշ անդրադարձան նաեւ ակումբի ընդհանուր աշխատանքին եւ առաջնահերթ ծրագիրներուն։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար՝ արտայայտելով իր գնահատանքը ակումբի գործունէութեան նկատմամբ։ Ան փոխանցեց նաեւ իր օրհնութիւնը, յաջողութեան մաղթանքը։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2020