ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆ

Պաքըրգիւղի վերընտրեալ քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու յառաջիկայ շրջանին ալ պիտի տեւականացնէ մեր համայնքէն Յովհաննէս Կարապետեանի խորհրդականի պաշտօնը։ Անցեալ շրջանին Յովհաննէս Կարապետեան միեւնոյն ժամանակ կ՚անդամակցէր Պաքըրգիւղի քաղաքապետական խորհուրդին։ Այս շրջանին ան թէեւ չ՚անդամակցիր քաղաքապետական խորհուրդին, սակայն քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու յարմար նկատած է զինքը պահել խորհրդականներու շարքին՝ փոքրամասնութիւններու պարագային։ 
Յովհաննէս Կարապետեան այս առաւօտ խմբագրութեանս հետ հեռաձայնային կապ հաստատելով փոխանցեց այս տեղեկութիւնը։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019