ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Թաղականները նախ շնորհաւորեցին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի տեղապահ ընտրուիլը եւ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութիւնը խնդրեցին՝ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Ինչպէս ծանօթ է, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը կը նշուի Վարդավառի տօնին, որ այս տարի կը զուգադիպի 28 յուլիսին։ Թաղականները միեւնոյն ժամանակ տեղեկութիւններ տուին իրենց ընթացիկ գործունէութեան եւ եկեղեցւոյ վերաբերեալ ծրագրերուն շուրջ։

Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար ու նշեց, որ սիրով պիտի հանդիսապետէ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ան զրոյցի աւարտին թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը, նաեւ յղեց յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքներ։

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2019