ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն վերապատուելի Զաւէն Խանճեանն ու կողակիցը՝ Սօնա Խանճեանը։ Հիւրերուն ընկերացաւ Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական ժողովարանի հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Պատրիարքարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի տեսուչ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Հարկ է նշել, որ Հայ աւետարանական եկեղեցին այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 175-ամեակը։ Վերջին օրերուն Երեւանի մէջ ալ տեղի ունեցան յոբելենական հանդիսութիւններ, որոնց անմիջապէս յաջորդող օրերուն տեղի կ՚ունենայ վերապատուելի Զաւէն Խանճեանի Պոլիս այցելութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնն ալ այս կապակցութեամբ յղեց շնորհաւորութիւններ ու շեշտեց, որ ներկայ ժամանակներուն Ս. Գիրքի քարոզութիւնը շատ կարեւոր է, որովհետեւ մարդիկ երբեմն զայն կը մերժեն եւ այդպիսի կեցուածքը սխրագործութիւն կը նկատեն։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին վերապատուելի Խանճեան անդրադարձաւ Թուզլայի «Քամփ Արմէն»ի վերակառուցման ծրագրին եւ յայտնեց, որ կ՚ակնկալեն Նորին Ամենապատուութեան բարոյական աջակցութիւնը եւ օրհնութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, որ հաստատութեան իրաւատէրը Հայ աւետարանական համայնքն է, քանի հաստատութիւնը առանց դաւանական խտրութեան ծառայութիւն պիտի մատուցէ հայերուն՝ կատարուած աշխատանքը կ՚արժանանայ նաեւ Պատրիարքական Աթոռի եւ Հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսարանի հետաքրքրութեան։ Ան յայտնեց, որ թելադրութիւններ ըրած է նախատեսուած նուիրահաւաքման, ինչպէս նաեւ մատակարարման ու վարչական դրութեան վերաբերեալ ծրագիրներուն շուրջ։ Վերապատուելի Խանճեան գոհունակութիւն յայտնեց, թէ միջհամայնքային փոխըմբռնում մը գոյացած է սոյն ծրագրի իրագործման նպատակով։ Իր խօսքով՝ Պոլսոյ մէջ կան միջեկեղեցական առողջ յարաբերութիւններ, որոնց հիման վրայ հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէնով հրատարակուած է «Քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքները» գիրքը, որ իր տեսակին մէջ աննախընթաց է։

Հանդիպման աւարտին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վերապատուելի Խանճեանին նուիրեց գիրքեր։

Երեքշաբթի, Յուլիս 19, 2022