Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԳԱՐԹԱԼԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն։ Խնդրակատար այս եկեղեցին, ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի մեր հաւատացեալներու ժամադրավայրը կը հանդիսանայ եւ այնտեղ տաղաւարի առթիւ կը ստեղծուի արտասովոր խանդավառութիւն։ Հակառակ անոր, որ Գարթալի եկեղեցին քաղաքի կեդրոնէն բաւական հեռու կէտի մը վրայ է եւ ամրան արձակուրդի բերումով մեր համայնքի անդամներուն կարեւոր մէկ մասը կը գտնուի քաղաքէ դուրս՝ մեր այս գողտրիկ սրբավայրի երդիքին տակ երէկուան խանդավառութիւնը կ՚արժէր տեսնել։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ բերնէ բերան լեցուցած էին տաճարը։ Տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Վարդուհի Տեմիրճեանի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ նաեւ աւանդական խաղողօրհնէք։ Այս փուլին եւս հաւատացեալները ապրեցան հոգեւոր մեծ հրճուանք։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ շրջափակին շարունակուեցաւ տօնական մթնոլորտը։ Ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր հաւատացեալները։ Գարթալի թաղականները Ս. Պատարագի մասնակից հաւատացեալներուն բաժնեցին օրհնուած խաղողի տուփեր։ Սա բոլորին տեսակէտէ հոգեւոր խոր նշանակութեամբ պահ մըն էր։ Մինչ այդ, հաւատացեալները մեծ գնահատանքով ականատես եղան, որ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցին որքա՛ն խնամուած եւ որքան նախանձելի վիճակի մը մէջ կը գտնուէր։ Այս կապակցութեամբ բոլորը բարձր գնահատանքով եւ զօրակցութեան տրամադրութիւնով արտայայտուեցան ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլուի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդի աշխատանքներուն կապակցութեամբ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 19, 2019