ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Վաղը համայնքային շրջանակները ժամադրուած են Ֆէրիգիւղի մէջ։ Թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ կը սարքուի տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։ Դպրոցի պիւտճէն հաւասարակշռելու նպատակով հերթական անգամ կը կատարուի հանգանակութիւն։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը, բառին բուն իմաստով, զօրակոչի ձեռնարկած է՝ թաղի դպրոցի կայուն երթը, որակն ու մակարդակը երաշխաւորելու համար։ Նկատի ունենալով, որ մեր կրթական հաստատութիւնները տարիներէ ի վեր որքան մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, սա իսկապէս բարդ գործ մըն է։ Ներկայ եղանակին ցարդ սարքուած երկու սիրոյ սեղաններու նուիրահաւաքման արդիւնքը բաւարար չէ եղած հաւասարակշռել տուեալ դպրոցներու յայտարարուած բացը, ուստի Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի պարագային ալ մտահոգութիւնները կը մնան առկայ։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս խոչընդոտը հաւասարակշռելու տեսակէտէ լուրջ գործօն մը կը համարէ զօրակցութիւնը՝ մեր համայնքի բարերարուհիներէն Մոնիք Երկանեանի, որ ստանձնած է կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհիի պաշտօնը։

Մատաղօրհնութեան ընդառաջ նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէրը, որուն կ՚ընկերանային Ազնիւ Մեծատուրեան, Նուրհան Փալաքօղլու եւ Քորայ Աշճը։ Զրոյցի տեւողութեան անոնք մեզի բացատրեցին, թէ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը կայուն թափով կը շարունակէ վերելք արձանագրել։ Սա կ՚ըլլայ հակառակ նիւթական բոլոր դժուարութիւններուն եւ հակառակ Մէրամէթճեան վարժարանի անմիջական շրջափակէն հեռացած մեծ մարդուժի մը։ Արդարեւ, Ֆէրիգիւղի շրջանակէն վեց հայկական վարժարանի համար աշակերտութիւն դուրս կու գայ։ Թաղականները մատնանշեցին, որ մնացեալ բոլոր դպրոցներն ալ նիւթապէս յարաբերաբար լաւ վիճակի մը մէջ կը գտնուին։ Այսինքն, Ֆէրիգիւղ իր մարդուժով կը սնուցանէ ամբողջ շրջակայքը, գործնականօրէն վեց վարժարան, սակայն երկար ժամանակէ ի վեր այդ հաստատութիւններէն չի կրնար ունենալ իր ակնկալած զօրակցութիւնը։ Թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները ընդգծեցին, որ այս տարի յարմար դատած են այս հանգամանքը բարձրաձայնել, որպէսզի կարելի ըլլայ փոխել կացութիւնը եւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի վայելած զօրակցութեան մակարդակը բարձրանայ։

Թաղականները զրոյցի ընթացքին ընդգծեցին նաեւ, որ աշակերտութեան ծնողներէն ապահովուած նուիրատուութիւններու, զօրակցութեան համեմատութեան տեսակէտէ Մէրամէթճեան վարժարանը կը դասուի սակաւաթիւներու շարքին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019