ՊԷՅՔՈԶԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու իր գործակից ընկերուհիները։ Այս առթիւ անոնք նորին սրբազնութիւնը հրաւիրեցին նախագահելու եկեղեցւոյ տօնախմբութեան, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ 23 նոյեմբերին։ Թաղականները միեւնոյն ժամանակ իրենց գործունէութեան մասին ներկայացուցին տեղեկութիւններ։ Իր կարգին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ուրախութիւն յայտնեց թէ՛ այցելութեան եւ թէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար։ Նորին սրբազնութիւնը գնահատեց թաղականներուն կողմէ տարուած ծառայութիւնը՝ մեր այս հեռաւոր եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղութեամբ։ Ան նաեւ թաղականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019