ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Ղալաթիոյ խնամակալութեան ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ յառաջիկայ նոյեմբերի 1-ին պիտի կատարուի իրենց աւանդական մատաղօրհնութիւնը ու Ս. Պատարագի աւարտին հանգստեան աղօթքներով պիտի յիշուին եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի սատարողները։ Այցելուները սոյն հանդիսութեանց նախագահելու համար հրաւիրեցին Պատրիարք Սրբազան Հայրը։ Անոնք տեղեկութիւն տուին նաեւ Կեդրոնական վարժարանի հետ առընչուած հարցերու շուրջ։ Այս առիթով բացատրութիւններ տուին նաեւ համավարակի շրջանին դաստիարակութեան միջոցներուն եւ վարժարանի գործունէութեան մասին։

Մեր Հոգեւոր Պետը հիւրերը ողջունեց եւ լսեց իրենց փոխանցած տեղեկութիւնները։ Պատրիարք Հայրը յայտնեց, թէ Կեդրոնական վարժարանը երանաշնորհ Ներսէս Պատրիարքի աւանդը ըլլալու հանգամանքով, ուրոյն տեղ մը ունեցած է Պատրիարքական Աթոռոյ մօտ։ Այլապէս, Աթոռոյ գահակալները միշտ յատուկ ուշադրութեամբ հետեւած են վարժարանի գործունէութեանց։ Դժբախտաբար այս վարժարանը երկար տարիներ նիւթական դժուարութիւններով դէմ յանդիման մնացած է, սակայն համայնքը իր կարելիութեան չափով միշտ տէր կանգնած է Կեդրոնականին։ Վարժարանը այս տարի եւս կը պայքարի տնտեսական հարցերով ու քորոնա համավարակը առաւել եւս ծանր լուծ մը կը բեռցնէ խնամակալներու ուսերուն։ Սակայն եւ այնպէս, Պատրիարք Հայրը յոյս յայտնեց, որ այս դժուարին օրերուն առաւել եւս վճռակամութեամբ պիտի յաջողին վարժարանը հաստատ պահել։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առիթով գնահատեց վարչայիններու աննկուն կամքը եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց, իրենց գործունէութեանց մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2020