ԴԷՊԻ ԴԱՏԱՐԱ՞Ն

Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը երէկ համայնքային մամուլի նկատառման յանձնեց հաղորդագրութիւն մը։ Վերջին շրջանին Ղալաթիոյ համայնքապատկան «Հաս» խանի սեփականութեան իրաւունքին կապակցութեամբ տարակարծութիւն մը ծագած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան միջեւ։ Երկու կառոյցներու ղեկավարութիւնները ունին բաւական անհաշտ դիրքորոշումներ եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Պատրիարքական Աթոռը փորձած է միջամտել, միջնորդել՝ կանխելու համար այս հարցին դատական իշխանութիւններու փոխանցուիլը։

Գարակէօզեանի խնամակալութիւնը երէկ հրապարակեց Պատրիարքարանէն այս հարցին շուրջ ստացած նամակը եւ իր կողմէ ուղարկուած պատասխանը։ Խնամակալութիւնը այս առթիւ տեղեկացուցած է, որ պատրաստ է յիշեալ կալուածի հասոյթը բաժնել համայնքի կարիքաւոր դպրոցներուն հետ։ Մինչեւ համապատասխան համակարգի մը ստեղծուիլը, խնամակալութիւնը որոշած է հեռու մնալ կատարուած իրողութիւններէ։ Այլապէս, խնամակալութիւնը հետամուտ պիտի ըլլայ օրինական իրաւունքները օգտագործելու։ Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ յիշեալ կալուածի սեփականութեան իրաւունքը Գարակէօզեան Տան կը պատկանի՝ ընդգրկուած ըլլալով 1936 թուականի յայտարարագրին մէջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2020