ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ շուրջ շաբաթ մը առաջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր եւ Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը։ 12 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին Զեքիեան Գերապայծառին ընկերացաւ Ս. Ղազարի մայրավանքի պատասխանատու փոխանորդ Հայր Համազասպ Վրդ. Քեշիշեան։

Այս հանդիպումէն չորս օր անց՝ 16 նոյեմբեր 2020 թուակիր մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի դիւանին կողմէ։ Այդ հաղորդագրութիւնն ալ տակաւին երէկ տրամադրուեցաւ համայնքային մամուլին։ Այսպէս, Սրբազան Պապը եւ Զեքիեան Գերապայծառ զրուցած են Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան կացութեան, Մխիթարեան միաբանութեան առկայ հարցերուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած հրադադարով ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։

Զեքիեան Գերապայծառ Սրբազան Պապին նուիրած է Մխիթար Աբբահօր պատկերը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2020