ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Նոյեմբերի 28-ին նախատեսուած է Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ աւանդական մատաղօրհնութիւնը, որուն ընդառաջ խնամակալութեան ներկայացուցիչները Պատրիարքարան այցելեցին՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան։

Զրոյցի ընթացքին իրեն ներկայացուած բացատրութիւններու լոյսին տակ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յոյս յայտնեց, թէ ներկայ դժուարին շրջանին առաւել եւս վճռակամութեամբ կարելի պիտի ըլլայ հաստատ պահել Կեդրոնական վարժարանի ընթացքը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19, 2021