«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ՅԱԿՈԲ ԱՅՎԱԶԻ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐՈՒ ԹՐՔԵՐԷՆԸ՝ ՓԱՅԼԻՆԷ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հոգելոյս դերասան, հրապարակագիր ու հրատարակիչ Յակոբ Այվազի յուշերը։ «Sahne Arkadaşlarım: Tiyatro Tarihimizden Simalar» խորագրեալ այս գիրքը կ՚ընդգրկէ Յակոբ Այվազի կողմէ հայերէնով գրի առնուած յուշեր, որոնք թրքերէնի թարգմանուած են «Արաս»ի ընտանիքի սիւներէն Փայլինէ Թովմասեանի կողմէ։ Հոգելոյս Յակոբ Այվազի այդ յուշերը 1999-2001 թուականներուն լոյս տեսած են «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ։ Հեղինակը կենդանութեան օրօք փափաքած էր, որ այդ յուշերը գիրքի մը ձեւաչափով հրատարակուին «Արաս»ի կողմէ։ Ուստի, ուրախառիթ է, որ ներկայիս այդ յուշերուն թրքերէն թարգմանութիւնն ալ լոյս տեսած է նոյն հրատարակչութենէն։

Այս յուշագրութիւնը հրատարակութեան պատրաստած են Եդուարդ Թովմասեան եւ Ռոպէր Քոփթաշ։ Կողքի գեղարուեստական աշխատանքը կատարուած է Մելիսա Արսէնեանի կողմէ։

Ուշագրաւ ժամկէտով մը ընթերցողներու տրամադրութեան տակ կը դրուի այս գիրքը, որովհետեւ այս շրջանին բացուած է նաեւ Յակոբ Այվազի արխիւի հիման վրայ ցուցահանդէս մը, որ կը ցոլացնէ իր կեանքն ու գործունէութիւնը, իր կողմէ ամբողջ յիսուն տարի հրատարակուած «Քուլիս» ամսաթերթը՝ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ։

Գիրքի կողքին վրայ օգտագործուած է 1934 թուականին նկարահանուած յատկանշական խմբանկար մը, որու առաջին շարքին վրայ կ՚երեւի Յակոբ Այվազ երիտասարդութեան տարիներուն։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020