ՌՈՒՍ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատան մէջ վերջին օրերուն հիւրընկալուեցան խումբ մը ռուս լրագրողներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Սերկէյ Ակափով, Կլեպ Լաւրով եւ Վերա Քորոթեւա, որոնք վաւերագրական նիւթ մը կը պատրաստեն թրքահայութեան մասին։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի եւ մեր խմբագրակազմէն Այլին Գօչունեանի եւ Պիանքա Սարըասլանի հետ անոնք ունեցան երկար զրոյց մը։ Այս խումբը նախապէս ալ աշխարհի այլ երկիրներու հայկական համայնքներուն շուրջ պատրաստած է վաւերագրական ծրագրեր։ Անոնց պատրաստած նիւթերը լայն արձագանգ կը ստեղծեն առցանց ալիքներու վրայ։ Սերկէյ Ակափով, որ հարցազրոյցը կատարող բուն լրագրողն է, կ՚աշխատակցի նաեւ Ռուսական պետական հեռուստաալիքներէն մէկուն։

Զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկութիւններ քաղեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատմութեան, առաքելութեան ու գործունէութեան շուրջ։ Անոնք հետաքրքրուեցան նաեւ թրքահայ իրականութեան զանազան երեսակներուն հետ, որոնց կապակցութեամբ ստացան սպառիչ տեղեկութիւններ։ Հիւր լրագրողները հետաքրքրուեցան նաեւ համահայկական օրակարգի զանազան նիւթերու վերաբերեալ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մօտեցումներով։

Հարկ է նշել, որ Իսթանպուլի մէջ կեցութեան օրերուն ռուս լրագրողները հանդիպումներ ունեցած են նաեւ մեր համայնքէն այլ կարգ մը դէմքերու հետ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020