ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՆՇԵՑ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐԸ

Թոփգաբուի ընտանիքը շաբաթավերջին Ուսուցչաց օրուան առթիւ համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղանի մը շուրջ։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս ձեռնարկը կազմակերպած էր՝ մեծարելու համար վարժարանի կրթական մշակները։ Այս առթիւ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ գործակից ընկերները այս առթիւ հերթական անգամ իրենց յարգանքին ու համակրանքին առարկայ դարձուցին կրթական մշակները, որոնք մեծ զոհողութիւններով կը դաստիարակեն նոր սերունդը։ Նախաճաշի սեղանը օրհնեց Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան, որ եւս շնորհաւորեց կրթական մշակները։ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանի կողմէ գլխաւորուած վարժարանի ուսուցչական կազմն ալ այս առթիւ Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչներուն շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Ուսուցչաց օրուան առթիւ կազմակերպուած նախաճաշին համար։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2023