ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Պէյօղլուի Լուսաւորիչ երգչախումբի մանկանց կազմը Ամանորի ընդառաջ համախմբուեցաւ բարձր տրամադրութեամբ։ Շաբաթավերջին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն ընթացքին, մանկանց կազմին համար տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի մասունքակիր աջով բարեխօսութեան աղօթք՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, որու կողքին էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։ Ներկայ էին նաեւ մանկանց կազմի անդամներու ծնողներն ու երէց եղբայրները։ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան այս առթիւ օրհնութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ՝ բարեմաղթութիւններ յղելով բոլորին։

Աւելի վերջ, «Նարեկեան» սրահին մէջ տղաքը կատարեցին իրենց ընթացիկ փորձը։ Հայր սուրբը այս փուլին ալ առանձնապէս գնահատեց խմբավար Հրանդ Չիզմէճեանը, Սայաթ Կիւրիւնի գլխաւորած տնօրէն խորհուրդը, մանկանց կազմի գլխաւոր պատասխանատու Սերենա Քոչաքն ու բոլոր պատասխանատուները։

Աղօթքէն եւ փորձէն ետք, փոքրիկներուն եւ պատանիներուն համար եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ խրախճանք։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2023