ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Աննա Մարիա Պէյլունիօղլուն եւ Էօզկիւր Քայմաքը։

Հիւրերը քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ ծանօթացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ ու տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց վերջերս լոյս տեսած «Kısmet Tabi» գրքին մասին։ Գիրքը կը ներկայացնէ Իսթանպուլի հայ, յոյն եւ հրեայ համայնքներու մէջ տեղի ունեցած խառն ամուսնութիւնները։ Զրոյցի աւարտին հեղինակները գիրքէն նմոյշ մը յանձնեցին Նորին Ամենապատուութեան։

Իր կարգին, Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն քաղաքավարական այցին համար։ Ան գրքի բովանդակութենէն ուղղուելով՝ խառն ամուսնութեանց մասին յայտնեց ընդհանրապէս իր մտածումները։ Զրոյցի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը կարողութիւն մաղթեց Պէյլունիօղլուին եւ Քայմաքին, անոնց ապագայ գործունէութեանց մէջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021