ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ այս տարի Բարեկենդանը նշուեցաւ արտակարգ խանդավառութեամբ։ Ս. Վարդանանց տօնի օրուան զուգադիպեցան Բարեկենդանի խրախճանքները, որոնք նախատեսուած էին թէ՛ հիւանդանոցի մնայուն բնակիչներուն եւ թէ ԶԻՊԷՉ-ի տղոց համար։ Խրախճանքի առթիւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ փութաց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Արդարեւ, այս խրախճանքը կազմակերպուած էր Պատրիարքարանի Երիտասարդաց յանձնախումբի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի անձնակազմի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Այդ ջանքերը պսակուեցան իսկապէս յաջողութեամբ, որովհետեւ բառին բուն իմաստով տօնական մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ հիւանդանոցէն ներս եւ թէ՛ մնայուն բնակիչներու եւ թէ ԶԻՊԷՉ-ի տղոց տրամադրութիւնը զգալիօրէն բարձրացաւ։

Այս առթիւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդէս եկաւ գնահատանքի խօսքով մը։

Երիտասարդաց յանձնախումբի անդամները հիւանդանոցէն ներս քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին նաեւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին, որ եւս իր ուրախութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց այս խրախճանքի կազմակերպման բերումով։

Երիտասարդները այցելեցին նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին, որ այս օրերուն դարմանում կը տեսնէ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ։ Անոնք արագ ապաքինում մաղթեցին հայր սուրբին։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019