«ՄԱՐԱԼ»Ի ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելեանը։ «Մարալ»ի մեծ ընտանիքը արտակարգ խանդավառութիւն կ՚ապրի յոբելենական ներկայ շրջանին։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան, որ այդ չորս տասնամեակներու ականատեսն ու մասնակիցը եղած է, մէկ կողմէ կ՚ապրի այդ ամբողջ յիշողութեան զգացականութիւնն ու հպարտութիւնը, իսկ միւս կողմէ կը ջանայ նոր հորիզոններ ուրուագծել համոյթին առջեւ՝ պատրաստելու համար անոր ապագան։

Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին «Մարալ»ի քառասնամեակին առթիւ տեղի պիտի ունենայ պարահանդէս մը։ Համայնքային շրջանակները պիտի համախմբուին արժեւորելու համար 40-ամեակը այս համոյթին, որ մեր ընկերամշակութային կեանքէն ներս ունի անփոխարինելի տեղ մը եւ դեր մը։

Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2019