ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԵՐԳԸ

Սամաթիոյ Սահակեան երգչախումբի մանկանց կազմը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ համերգով մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Սահակեան մանկանց երգչախումբի համերգը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» դահլիճի երդիքի տակ։

Երեկոյթը պատուեցին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քահանայ Տամատեան, Տ. Զօհրապ Քահանայ Ճիվանեան, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ իր ընկերները, Սահակեան-Նունեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արէտ Քարապուլութ, Սամաթիոյ ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ։

Համերգէն առաջ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Գարին Աքտեմիր, որ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի պատմականին շուրջ։ Իր խօսքով՝ երէցներու խումբի յարատեւութեան տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մանկանց կազմը։ Ուստի, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը զօրակցին մանկապատանեկան կազմին։

Աւելի վերջ հանդէս եկաւ Սահակեան մանկանց երգչախումբը՝ խմբավար Գարին Քաթրանճըօղլուի մականին ներքեւ։ Խումբին նուագակցեցան Նարինէ Ստեփանեան, Ռոպէր Տողանայ, Արի Հերկել եւ Ռաֆֆի Տէր-Գէորգեան։ Վաթսուն հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը երգչախումբը գործադրեց իր յայտագիրը, որ կը բաղկանար քսան հայերէն երգերէ։ Տղաքը յաջողութեամբ մեկնաբանեցին երգացանկի գործերը, յաջող էին նաեւ մենակատարները։ Ելոյթի աւարտին անոնք արժանացան բուռն ծափողջոյններու։

Եզրափակիչ փուլին Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի դպրապետ Խաչիկ Սրկ. Սարըլը յուշանուէր մը յանձնեց Գարին Քաթրանճըօղլուին, իսկ տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Ղուկաս Արզուման՝ դաշնակահարուհի Նարինէ Ստեփանեանին։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ արտասանեց օրհնութեան խօսք մը, որու ընթացքին բարձր գնահատեց Սահակեան մանկանց երգչախումբի յաջողութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք բերած են իրենց աջակցութիւնը։ Ան շեշտեց, որ պիտի սպասեն այս խումբի նորանոր նուաճումներուն։

Շաբաթ, Յունիս 2, 2018