ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՏԱԳՆԱՊԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻ ԱՅՍ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ

Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկումով ծնունդ առած տագնապին վերաբերեալ նախատեսուած խորհրդակցութիւնը այս հինգշաբթի տեղի պիտի ունենայ Գումգաբուի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը քանի մը շաբաթ առաջ որոշած էր վերջ տալ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէի պաշտօնավարութեան։ Այս իրադարձութիւնը պոլսահայ կրթական համակարգէն եւ համայնքային շրջանակներէն ներս մեծ ցասում յառաջացուցած էր եւ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հանդէս եկած էր հայրական նախաձեռնութիւնով մը։ Խնդրի բոլոր կողմերը համաձայն գտնուած էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեան ներքեւ քննարկել ստեղծուած իրավիճակը։ Քորոնաժահրի համաճարակի բերումով այդ ժամադրութեան կազմակերպման կը սպասուէր միջոցէ մը ի վեր։ Այժմ, երբ Թուրքիոյ մէջ առօրեան աստիճանաբար բնականոն հունին կը վերադառնայ, Պատրիարքական Աթոռը արդէն այդ հանդիպումը կազմակերպելու ուղղեալ կարգադրութիւնները անմիջապէս կատարած է։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ Էսաեան վարժարանի վերաբերեալ խորհրդակցութիւնը Պատրիարքարանի մէջ կը նախատեսուի այս հինգշաբթի, ժամը՝ 11.00-ին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք  Հօր կողքին պիտի ըլլան Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին անունով իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ եւ Պերրին Տայան պիտի մասնակցին խորհրդակցութեան։ Սաթենիկ Նշան եւ Առլին Եշիլթեփէ եւս, բնականաբար, հրաւիրուած են Գումգաբու։ Ի լրումն այս բոլորին, Թրքահայ վաքըֆներու միութեան կողմէ երկու ներկայացուցիչ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլ (փոխ-ատենապետ) եւ Սարվէն Սերթշիմշէք Նորին Ամենապատուութեան կողմէ հրաւիրուած են այս ժողովին։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ ալ Սարգիս Էրքոլ ներկայ պիտի գտնուի հանդիպման։

Պատրիարքարանի աղբիւրները այս խորհրդակցութեան ընդառաջ վստահութիւն յայտնեցին, որ կողմերը կը պահեն իրենց երկխօսութեան ոգին եւ այսպիսի պարագայով մը ուրախառիթ է սեղանի մը շուրջ համախմբուելու հնարաւորութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2020