ՇԻՇԼԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՍՏԱՑԱԾ Է ԱՍՊԵՏ ՋՈՒՆԴԻ ԵՒ ԿՈՂԱԿՑԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ԻՒՂԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Շիշլիի գերեզմանատան յանձնախումբը տեղեկացուց, որ նկարիչ Եավուզ Քըլըչէր վերանորոգած է Ասպետ Ջունդի իւղաներկ գործերը ու վերադարձուցած՝ իրենց։ Ինչպէս ծանօթ է, միջոց մը առաջ օրակարգի վրայ եկած էր, որ Ասպետ Ջունդի եւ կողակցին շիրմին մէջ կախուած մեծադիր իւղանկարները եւ այլ սրբապատկեր մը երկար ժամանակէ ի վեր անհետացած են։ Շիշլիի գերեզմանատան յանձնախումբի եւ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի աղբիւրները այդ փուլին տեղեկացուցած էին, թէ յիշեալ գործերը նորոգութեան նպատակով յանձնուած են նկարիչ Եավուզ Քըլըչէրին, իսկ այդ աշխատանքը յապաղած է որոշ չափով։
Շիշլիի գերեզմանատան յանձնախումբը վերջերս տեղեկացուց, թէ այդ գործերը վերադարձուցած են յետվերանորոգութեան։ Ասպետ Ջունդի եւ կողակցի պաստառները եւ միւս սրբանկարը այլեւս ի պահ պիտի դրուին գերեզմանատան վարչական շէնքին մէջ, որպէսզի զերծ մնան վնասուելու հեռանկարէն։ Արդարեւ, շիրմին մէջ անոնք վնաս կը կրեն խոնաւութեան հետեւանքով։ Այս անգամ թէեւ վերանորոգութիւնը եղած է կարելի, սակայն այդ իւղանկարները խորքին մէջ կրած են լուրջ վնաս։ Հետեւաբար, եթէ ապագային եւս այդպիսի կացութիւն մը ստեղծուի, այս անգամ իւղանկարները կրնան անշրջադարձելիօրէն վնասուիլ։ Հետեւաբար, գերեզմանատան յանձնախումբը որոշած է այդ լուսանկարները ի պահ դնել վարչական շէնքին մէջ, որպէսզի ապագային զերծ ըլլան նման ռիսքերէ։