ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵՐԵԿՈՅԹ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երաժշտական ձեռնարկ մը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Կղզեբնակ հոծ թիւով երաժշտասէրներ մասնակցութիւն բերին այս երեկոյթին, կայանի տղոց եւ պատասխանատուներու առընթեր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասէն Տ. Վազգէն Ծայրագոյն Վարդապետ Քարայեան, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, ինչպէս նաեւ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր գործակից ընկերները, նաեւ տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու։

Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց կայանի խնամատար մարմնի անդամներէն Ալփէն Չընար։ Աւելի վերջ գործադրուեցաւ յայտագիրը, որու մաս կազմեցին բազմաթիւ խումբեր։ Գեղարուեստական ղեկավարն էր Հալուք Փոլատ։ Կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ կարեւոր դեր ստանձնած էր կայանի խնամատար մարմնէն Այգուն Պուտաք, որ եւս ծրագրի մասնակից խումբերէն մէկուն կ՚անդամակցէր։ Երեկոյթի եզրափակիչ փուլին կայանի տղաքը եւս միացան կատարումներուն։

Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը արտայայտուեցաւ՝ բարձր գնահատելով տարուած աշխատանքը։ Ան մատնանշեց, որ այս եւ նման ձեռնարկները այլեւս դարձած են աւանդական։ Նորին Ամենապատուութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի ամրան արձակուրդի շրջանին կղզեբնակ մեր ժողովուրդը անտարբեր չմնայ համայնքային կեանքին դէմ ու մանաւանդ հետեւի մեր հաստատութիւններու գործունէութեան։ Ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտին մէջ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նաեւ յորդորեց, որպէսզի մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչները մաս կազմեն դպրաց դաս-երգչախումբերուն։

Շաբաթ, Յուլիս 2, 2022