ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքը, նախկին ատենապետներէն Հայկարամ Քարասուն եւ վարչայիններէն Զարեհ Քարաքաշը։ Այսպէս, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ներկայացուցիչները նորին սրբազնութեան շնորհաւորութիւններ յղեցին տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու բերումով։ Զրոյցի տեւողութեան անոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին մարզակումբի գործունէութեան,  իրենց տարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագրերուն շուրջ։

Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար եւ հիւրերուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը։ Ան յաջողութեան մաղթանքներ յղեց մեր երիտասարդութեան ուղղեալ ծրագրերուն համար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2019