ՅՍՏԱԿ ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳ

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպեց մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որուն մասնակցեցան մեր զանազան եկեղեցիներու վարիչները եւ ընտրաշրջաններու տեղական ընտրական մարմիններու ներկայացուցիչները։ Ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի գլխաւորութեամբ՝ Նախաձեռնարկ մարմնի անդամները ժողովականներուն բացատրութիւններ տուին պատրիարքական ընտրութեան համար վերջերս հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցի եւ շրջաբերականի բովանդակութեան շուրջ։ Թեքնիկ մանրամասնութիւններու յստակեցման մթնոլորտին մէջ անցաւ խորհրդակցութիւնը եւ յառաջիկայ փուլերուն վերաբերեալ ընթացակարգը հնարաւորինս յստակեցաւ տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներու պատկերացման մէջ։

Նախաձեռնարկ մարմնի անդամներէն Սելինա Տողան անդրադարձաւ համայնքէն ներս յառաջացած այն հոսանքին, որով կը նախատեսուի պոյքոթի ենթարկել յառաջիկայ պատրիարքական ընտրութիւնը։ Սելինա Տողան նշեց, որ մեր համայնքի անդամները պէտք է անպայման մասնակցին քուէարկութեան՝ եթէ նոյնիսկ որեւէ թեկնածուի ի նպաստ չքուէարկեն։ Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն Սարօ Պենկլեան, Սարվէն Սերթշիմշէք անդրադարձան օրակարգի զանազան նիւթերուն։

Պատրիարքական թեկնածուներու դիտորդները եւ տեղական համակարգերու այն տարրերը տակաւին վերջնականօրէն ճշդուած չեն։ Ուստի, յառաջիկայ շըր-ջանին այդ բոլորն ալ պիտի յստակենան, մինչ Նախաձեռնարկ մարմինն ալ կը ծրագրէ տեղական համակարգերու գործունէութիւնը երաշխաւորելու ուղղեալ այլ քայլեր եւ նման ձեւաչափերով հաւաքոյթներ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019