ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՊԻՏԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՄՈՆԻՔ ԵՐԿԱՆԵԱՆԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Պատրիարքական Աթոռը որոշած է պարգեւատրել մեր համայնքի բարերարուհիներէն Մոնիք Երկանեանը։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի տնօրինութեամբ յառաջիկայ օրերուն իրեն պիտի շնորհուի «Կոլոտ» շքանշանը։ Ինչպէս ծանօթ է, երանաշնորհ Յովհաննէս Բաղիշեցի Պատրիարքի յիշատակին հաստատուած այս շքանշանը կը շնորհուի բարերարներուն։
Մոնիք Երկանեանի շքանշանը պիտի յանձնուի 11 Դեկտեմբերին, Գումգաբուի մէջ։ Այդ թուականին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ եւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յարմար դատած է այս հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրել Մոնիք Երկանեանը։ Արդարեւ, բարերարուհին այդ մետայլը պիտի ստանայ, միեւնոյն ժամանակ, ի վարձատրութիւն շուրջ տասներկու տարի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի գոյատեւման համար մատուցած անփոխարինելի սպասաւորութեան։ Ծանօթ է, որ որպէս Թոփգաբուի թաղային խորհուրդի ատենապետուհի՝ Մոնիք Երկանեան հրաշքի համազօր շարժում մը ստեղծեց մեր համայնքէն ներս ու փոխեց ճակատագիրը Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի, որ հասած էր անդունդի եզրին։ Համայնքային շրջանակները երախտագիտութեամբ կը յիշեն իր այս յանձնառութիւնը։
Հետեւաբար, Պատրիարքական Աթոռի այս կարգադրութիւնը դրական արձագանգ ստեղծած է համայնքային կեանքէն ներս եւ Մոնիք Երկանեան սկսած է այժմէն շնորհաւորութեան հեռաձայններ ստանալ։