«ԲԱՐԵԿԱՄ»Ի ՉՈՐՐՈՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ նշուեցաւ «Բարեկամ» խմբակի հիմնադրութեան չորրորդ տարեդարձը։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ քահանայ հայրեր։ Հաւաքոյթը համախմբեց համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Լիանա Պենլիի հանդիսավարութեամբ։ «Բարեկամ»ի անունով արտայայտուեցաւ Հերա Միմար։ Ներկաները հետեւեցան տեսանիւթի մը, որով բացատրութիւններ տրուեցան խմբակի գործունէութեան շուրջ։ «Բարեկամ»ի անունով յուշանուէր մը պատրաստուած էր խմբակի հիմնական բարերարին՝ մեր ազգայիններէն Տիգրան Կիւլմէզկիլի համար։ Նկատի ունենալով, որ ան ակամայ կը բացակայէր՝ իրեն համար պատրաստուած յուշանուէրը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ յանձնուեցաւ փեսային՝ Ալէն Պաղին։ Խմբակը առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէր մըն ալ յանձնեց Նորին Ամենապատուութեան։

Իր ելոյթին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ համայնքէն ներս բարութիւնն ու լաւութիւնը առատանան։ Ան գնահատեց «Բարեկամ»ի գործունէութիւնը, արտայայտեց անոր նկատմամբ խրախուսանքը, հաշուի առնելով, որ արհեստական բանականութեան ժամանակաշրջանը սկսած է։ Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ համայնքէն ներս նմանօրինակ խմբաւորումները բազմանան։

Ներկաները ծափահարութիւններով ողջունեցին «Բարեկամ»ի տարեդարձի կարկանդակին հատուիլը, մինչ գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023