ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՔԷՐՄԷՍ

Ամանորի ընդառաջ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ երէկ կազմակերպուած քէրմէսը համայնքային կեանքէն ներս արժանացաւ ուշադրութեան եւ գնահատանքի։ Ծնողաց միութեան այս նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ Սեբաստահայոց միութեան երդիքին տակ։ Կեդրոնականի ծնողաց միութեան մաս կը կազմեն՝ Լետա Չիֆթճեան (ատենապետուհի), Պանու Էօզտեմիր, Լետա Աղտաղ, Թամար Քարաքաշ, Տէօնիս Թաշհան, Իլտա Աշճը, Ժանէթ Արծիւեան, Հիլտա Աւատան, Գոհար Այտըն եւ Սեդա Պէշիկթաշլեան։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023