ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆԻՍՏԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պատրիարքարանի տնտեսական յանձնախումբի անդամները։ Հարկ է նշել, որ յանձնախումբի կազմը վերջերս համալրուած է։ Ժողովականները Ամանորի ընդառաջ քննեցին Պատրիարքական Աթոռի հաշիւներն ու ելեւմտական վիճակը։ Կատարուեցան այս կապակցութեամբ կարծիքի փոխանակումներ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2023