ԹԵՐԻ 15 ՏԱՐԻ

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իր դէմ կատարուած մահափորձի 15-րդ տարելիցին առթիւ։ Յուզումնախառն մթնոլորտի մը մէջ ան վերյիշուեցաւ՝ մինչ հերթական անգամ հասարակութեան լայն շրջանակներ իր վաստակին առջեւ բերին իրենց խոնարհումը։

«Թերի 15 տարի» կարգախօսով կազմակերպուած էին այս տարուայ ոգեկոչումները, որոնք, ըստ ընկալեալ սովորութեան տեղի ունեցան «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան գտնուած շէնքին առջեւ, որու մուտքի դրան մօտ տեղի ունեցած էր ոճրագործութիւնը։ Ծաղիկներ թողուեցան ճիշդ այն կէտին վրայ, ուր Հրանդ Տինք նահատակուած էր։ Շէնքի պատուհանէն ելոյթով մը հանդէս եկաւ նահատակեալ լրագրողի այրին՝ Ռաքել Տինք, որու կողքին էին իր հարազատները։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Նազըմ Էօզկիւն Աֆշին, որ 15 տարիէ ի վեր անընդհատ կը մասնակցի ոգեկոչումներուն եւ տակաւին հինգ տարեկան էր, երբ Հրանդ Տինք զոհ գացած էր սպանութեան։ Ռաքել Տինք ելոյթին մէջ մատնանշեց անարդարութիւններն ու անհաւասարութիւնները։ «Սակայն, մենք չըլլանք յոյսը մարողը։ Չէ լռած ու պիտի չլռէ այն բողոքը, որ բարձրացած էր այստեղ քեզ հողին յանձնելու ժամանակ», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, Ռաքել Տինք երէկ այս ոգեկոչումէն վերջ այցելեց նաեւ Հրանդ Տինքի շիրիմը, որ կը գտնուի Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ։ Թէ՛ Հրանդ Տինքի վրայ կրակուած վայրին եւ թէ շիրիմին ան թողուց թարմ ծաղիկներ։

Հինգշաբթի, Յունուար 20, 2022