ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴ

Երէկ, Էսաեան վարժարանի մէջ տեղի ունեցաւ «Գիրք նուիրելու օր»ուան ձեռնարկ մը, որով ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակի համազգային յոբելեանի շարժառիթով կազմակերպուած միջվարժարանային ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։ 2008 թուականէն ի վեր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը՝ փետրուարի 19-ը հռչակուած է «Գիրք նուիրելու օր»։ Հայաստանի մէջ ստեղծուած այս աւանդութիւնը շուտով իր շարունակութիւնը գտած է նաեւ սփիւռքի մէջ։ Նոյն ներշնչանքով կազմակերպուած էր նաեւ Էսաեանի երէկուան ձեռնարկը, որով մեր համայնքէն ներս առաջին անգամ նշուեցաւ Թումանեանի 150-ամեակի յոբելեանը։

Էսաեան վարժարանի սրահի երդիքին տակ ստեղծուեցաւ մեծ եռուզեռ, որովհետեւ մեր զանազան դպրոցներէն տղոց համախմբումը տօնական տրամադրութեան ծնունդ տուած էր։ Մուտքասրահին մէջ տղոց տրամադրութեան տակ դրուած էին մեր քաղաքի հայկական հրատարակչութիւններու արտադրութիւններէն նմոյշներ, որոնք իսկապէս խայտաբղէտ պատկեր մը կը պարզէին։ Սրահին մէջ ալ ուշադրութիւն կը գրաւէր օրուան խորհուրդին համապատասխան յարդարանք մը։ Բեմին վրայ կար Յովհաննէս Թումանեանի դիմանկարը, որու շրջակայքին շարուած էին գիրքեր։ Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր հայերէնի երեք նուիրեալ ուսուցչուհիներու՝ Արմաւենի Միրօղլուի, Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիսի եւ Մարալ Սաթարի ջանքերով։ Ներկայ էին Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութենէն Մարի Քարաքաշեան։ Այս օրերուն քաղաքիս մէջ գտնուելուն բերումով հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական, Կեդրոնական սանուց Փարիզի միութեան վարչութեան բազմամեայ նախագահ Վարդան Օզինեան, որ հիւրընկալուեցաւ՝ որպէս ձեռնարկի պատուոյ հիւր։

«Գիրք նուիրելու օր»ուան առթիւ նախատեսուած էր ասուլիս մը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհի Սեսիլ Նարօտ Քարահիսարիտիսի հանդիսավարութեամբ։ Ասուլիսի ատենախօսներն էին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան, «Փարոս» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիս եւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենադպիր ու մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի հեղինակներէն Արամ Քամպուրեան։

Էսաեանի սաներէն Էլլա Ենոքեան, Անդրանիկ Պաքըրճօղլու, Նաթալի Մաշալը, Շանթ Շիմշէքչաք եւ Մանէ Քոփար արտասանութիւններով մասնակցութիւն բերին օրուան ծրագրին։ Էլլա Ենոքեան հանդէս եկաւ նաեւ մեներգով մը՝ նուագակցութեամբ Սեսիլիա Մաշալըի եւ Նարօտ Պոյաճըի։

Յայտագիրը աւարտին հասաւ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի խօսքով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան ատենախօսներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց ծաւալած գործունէութիւնը։ Սաթենիկ Նշան ողջունեց նաեւ Վարդան Օզինեանի ներկայութիւնը եւ զինքը հրաւիրեց սրտի խօսքը արտասանելու։ Օզինեանն ալ տղաքը ողջունեց անկեղծ արտայայտութիւններով։

Սրահէն հրաժեշտ առնելէ վերջ, բոլորը համախմբուեցան այս անգամ Էսաեանի ճաշարանին մէջ, ուր տնօրէնութիւնը կազմակերպած էր կէսօրուան ճաշ։ Օրուան բանախօսներն ալ անմիջական զրոյցը շարունակեցին իրարու միջեւ։

«Գիրք նուիրելու օր»ը այսպէսով եզրափակուեցաւ՝ առիթ հանդիսանալով, որ Թումանեան ոգեկոչուի, նաեւ Էսաեանի երդիքին տակ զիրար գտնեն մեր աշակերտութիւնն ու մտաւորականութեան ներկայացուցիչները։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 20, 2019