ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԼՐԱԳՐՈՂ ԿԱՐՊԻՍ ՔԵՇԻՇՕՂԼՈՒԻ ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ վաստակաւոր լրագրող Կարպիս Քեշիշօղլուի ի պատիւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը։ Պատուոյ հիւրերն էին Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որոնց կողքին էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, Հայր Միքայէլ Ծ. Վրդ. Ուչար։

Ձեռնարկը սկսաւ Մխիթարեան լիսէի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի ողջոյնի խօսքով։ Հանդիսավարներն էին Շիլա Փաքեիւզ եւ Ասլին Չերքէզօղլու։ Այս ձեռնարկը միեւնոյն ժամանակ Կարպիս Քեշիշօղլուի կողմէ վերջերս հրատարակուած «Հայկական հետքեր՝ Հեռաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ» խորագրեալ գիրքի շնորհանդէսն էր։ Ներկաներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Մխիթարեան վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Քամար, հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճիօղլու, դպրոցի տնօրէնուհիները եւ կրթական մշակներ։ Բաց աստի, մշակութասէր հետաքրքիրներ եւս փութացած էին հետեւելու։

Մխիթարեան վարժարանի սաներէն Շիլա Փաքեիւզ, Սարին Ինա, Լիա Պերին եւ Ասլին Չերքէզօղլու հակիրճ տեղեկութիւններ տուին Կարպիս Քեշիշօղլուի գիրքին մասին։ Տասն աշակերտներ ալ ներկայացուցին Զարեհ Խրախունիի գործերէն նմոյշներ։ 

Օրուան մեծարեալը՝ Կարպիս Քեշիշօղլու ամպիոնի մօտ գալով հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ իր կենսագրութեան մասին եւ անդրադարձաւ իր հեղինակած գիրքին։ Ան յայտնեց, որ ինք պատմաբան մը չէ ու որպէս լրագրող՝ աշխարհը շրջելով իր դիտարկումներուն հիման վրայ պատրաստած է այդ գործը։ Հեռաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Ասիոյ հայկական հետքերուն մասին խօսելով՝ ան մէջբերումներ ըրաւ իր գիրքէն եւ ընդգծեց, որ մեր ժողովուրդը այսօր կարեւոր չափով անտեղեակ է իր սեփական պատմութեան։

Քեշիշօղլու կարգ մը նիւթերու պարագային քննադատութիւններ հասցէագրեց Հայաստանին եւ այդ կապակցութեամբ Արսէն Աւագեանն ալ հանդէս եկաւ հակափաստարկներով։

Երեկոյթի աւարտին Զեքիեան Գերապայծառ գրիչ մը նուիրեց Կարպիս Քեշիշօղլուին եւ փակման խօսքին մէջ յայտնեց, որ աշխարհը պէտք է դիտարկել լայն տեսանկիւնէն ու պէտք է ընդլայնել հորիզոնները։

Ձեռնարկի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին հեղինակը մակագրեց իր գիրքերը եւ անմիջական զրոյց ունեցաւ ներկաներուն հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 20, 2018