ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԷ ԴԱՏԱՐԿԱՑԱԾ, ՍԱԿԱՅՆ՝ ԻՐԱԿԱՆ «ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ» ԴԱՐՁԱԾ՝ «ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ»

Աթոռանիստ բառական իմաստով կը նշանակէ՝ Եկեղեցի, ուր հաստատուած է իշխանութեան մը աթոռը։ Պոլսական հասկացողութեամբ՝ աթոռանիստ կը նշանակէ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր հաստատուած է՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ իշխանութիւնը։

Բնաւ ուշադրութիւն ըրա՞ծ ենք, թէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ աջակողմեան դասը կանգնած է գահ մը, որ կը կոչուի Պատրիարքական գահ, որուն վրայ միայն կրնան բազմիլ Պոլսոյ պատրիարքները։ Համայն հայութիւնը եւ յատկապէս պոլսեցիք, 2019-ի աւարտին, ուրախութեամբ կը ցնծային, քանի աւելի քան տասներկու տարուայ զրկանքէ յետոյ, գահուն վրայ կը բազմէր արժանաւոր գահակալ մը։ 2020-ի, Ամանորն ու Ս. Ծնունդը դիմաւորեցինք այս ուրախութեամբ եւ յիշել սկսանք, թէ «Աթոռ», «Աթոռակալ» եւ «Աթոռանիստ» բառերը ինչ կը նշանակեն։ Զգացինք, թէ մէն մի բառ, պոլսահայ իրականութեան մէջ յատուկ նշանակութիւն եւ խորունկ անցեալ մը ունի։

Իրաւ է, թէ հիանալի հանդիսութիւններ տեղի ունեցան տարեմուտէն սկսեալ, ողջունելու համար Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր ընտրութիւնն ու գահակալութիւնը։ Ինչպէս Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Ս. Պատարագներուն յիշատակուիլ սկսան Ազգընտիր Պատրիարքին անունը։ «Աթոռանիստ»ին մէջ տեղի ունեցաւ, սիրեցեալ հոգեւոր եղբայրներ Տ. Նաթանի եւ Տ. Ներսէսի քահանայական ձեռնադրութեան օրհնաբեր արարողութիւնը։ «Աթոռանիստ»ը կրկին կը վերագտնէր իր հարազատ զաւակը՝ Հայր Շնորհքը։ «Աթոռանիստ»ը մահաքունէ կ՚արթննար ու կեանքի յոյսով կը լեցուէր առհասարակ։ Այնուհետեւ, այս բոլոր հանդիսութեանց գագաթնակէտը պիտի դառնար Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐն ու պատրիարքական Ս. Պատարագը։

Մարդիկ կը ծրագրեն, սակայն Աստուած է որ կը տնօրինէ եւ այդպէս ալ եղաւ։ Ծրագրուածէն շատ տարբեր բնոյթով տօնակատարութիւններու ականատեսները եղանք։ Կարճ ժամանակ առաջ, բոլորիս տրամադրութիւնը խանգարուեցաւ, երբ աշխարհ քորոնա համաճարակով ծանօթացաւ ու ճաշակել սկսաւ առանձնութեան դառնութեան համը։ Կեանքը կեցաւ, բազմութիւններ կորսուեցան եւ ի վերջոյ սկսաւ քորոնայով պայքարող շրջանը։ Այս շրջանին, աշխարհի բազում աղօթավայրերը դատարկացան հաւատացեալներէ եւ անոնք եւս կամայ եւ ակամայ ճաշակել սկսան առանձնութիւնը։ Աշխարհի բազում նուիրապետական կեդրոններ, սահմանափակ հոգեւորականներով կատարել սկսան արարողութիւններ ու ջանացին ժողովուրդին հասանելի դառնալ։ «Աթոռանիստ»ը եւս ամայացաւ ու հաւատացեալներէ զրկուեցաւ այս շրջանին։ Ս. Յարութեան տօնին պիտի փութային բիւրաւոր ուխտաւորներ եւ Մայր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ պիտի ստանային Պատրիարքական օրհնութիւնը։ Աւա՜ղ չեղաւ ծրագրեալը։

Սակայն, կարծէք Պոլսոյ Աթոռոյ եռամեծար հայրապետներու բարեխօսութեամբ, Պոլսոյ «Աթոռանիստ»ը, այս ամայութեան շրջանին, առաւել եւս զգաց, թէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւոր օրրանն է ան, երբ՝ Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ, Աթոռոյս նուիրեալ միաբաններու, քահանաներու եւ դպիրներու ներկայութեամբ արարողութիւններ շարունակեցին ու սփռուիլ սկսան համացանցէն։ Այլապէս, Մայր եկեղեցին զրկուեցաւ բիւրաւոր հաւատացեալներ ընկալելէ, սակայն՝ հիւրը դարձաւ թիւով աւելի շատ հաւատացեալներու։ Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր արարողութիւնները կատարուեցան Մայր եկեղեցւոյ մէջ ամենայն բծախնդրութեամբ, յոյս եւ հաւատք ներշնչող հովուապետական պատգամները փոխանցուեցան այս եկեղեցիէն եւ համացանցային սփռումները ընդունելութիւն գտան շատերու կողմէ։ Աթոռանիստը առանձնութեան շրջանին մէջ, կարծէք առաւել եւս վերագտաւ իր առաքելութիւնը եւ արդարացուց իր անուան նշանակութիւնը։ Յիշեցուց, թէ «Աթոռ», «Աթոռակալ» եւ «Աթոռանիստ» իրարու շաղկապ-ւած բառեր են եւ իրարմէ զօրութիւն ու մխիթարութիւն կը գտնեն։

Ահա՛, մխիթարութեան մեծագոյն պահը, այս շաբաթ յայտնուեցաւ, երբ Մայր Աթոռոյ կամարներուն ներքեւ Պոլսոյ 85-րդ Պատրիարքը՝ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Բ. Պոլսեցին, Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ Ս. Պատարագ մատուցանեց։ Մեսրոպ Պատրիարքէ, աւելի քան տասներկու տարիներ յետոյ, Ս. Յարութեան տաղաւարին առթիւ, «Աթոռանիստ»ին մէջ Ս. Պատարագը կը մատուցանէ «Պատրիարք»ը։ Սա տեսարանը, ո՛չ միայն կենդանեաց, այլ՝ հանգուցելոց մխիթարականն է։ Չէ՞ք կարծեր որ, Աթոռոյս ազգասէր երբեմնի գահակալներն ու հոգեւորականներու հոգիները կը խայտան ի տես այս մխիթարական երեւոյթին։ Զատիկը, այս տարի չ՚անցնիր առանց գահակալի։ Իսկ, արարողութեան իրականացումը, ըլլայ հոգեւորական, ըլլայ աշխարհական, բոլոր հետեւորդներուս համար առաւել եւս մխիթարական է, քանի մեր «Աթոռակալ»ը կը դիտենք «Աթոռանիստ»ին մէջ եւ տուներու մէջ փակուածներս, աղօթքի ճամբով՝ մեր մասնակցութիւնը կը բերենք արարողութեան։

Այսօր, համացանցի սփռումի շնորհիւ, մեր բնակարանը դարձաւ եկեղեցի ու այդ եկեղեցւոյ մէջ եւս տեսանելի դարձաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ վկայութիւնը։ Ահա՛, այս տեսարանով է, որ «Աթոռանիստ»ը իր ածականին իմաստը կը փոխանցէ հաւատացելոց եւ մերազն ժողովուրդին։ Ահա՛, այս կամքն է, որ դատարկութեան օրերուն «Աթոռանիստ»ը կը դարձնէ հաւատքով հարուստ կառոյց։ Իրմէ, տապալած կաղնիի մը խուլ հառաչանքը չէ որ կը լսենք, այլ՝ քրիստոնէական հիմնական զօրութիւններէն՝ «տոկունութիւն, համբերութիւն ու յոյս»ը մատուցող սրբութիւնը։ Խօսուն է «Աթոռանիստ»ը, որուն մեծագոյն աղաղակն է. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. նմա փառք, յաւիտեանս. ամէն»։

Շնորհակալութիւն՝ Պատրիարք Սրբազան Հայր, որ հովուական ասան ի ձեռին ունենալով, «Աթոռանիստ»ի կամարներուն հովանիին ներքեւ, սրտամօտ ձեր պատգամը կը փոխանցէք հաւատացեալ ժողովուրդին։ Շնորհակալութիւն՝ սիրեցեալ հոգեւոր եղբարք, որ եկեղեցւոյ զինուորեալ միաբանութեան գիտակցութեամբ բաց կը պահէք դուռը՝ Աթոռանիստ Մայր տաճարին։ Շնորհակալութիւն՝ քաղցրաձայն սարկաւագ եւ դպիր եղբարք, որ հրեշտականման երգեցողութեամբ կը վերացնցէք մեր հոգիները։ Շնորհակալութիւն՝ արարողութիւնները համացանցէ սփռող եղբայր, որ քու ծառայութեամբդ, մեր տուներէն ներս հիւրընկալեցինք ապրող, շնչող ու աղօթող «Աթոռանիստ»ը։

Եւ փառք Յարուցելոյլ, որ լուսաճաճանչ փարոսի նմանողութեամբ կը լուսաւորէ մեզ խաւարի տկարութեան մէջ եւ յոյսը կը ներշնչէ քորոնայի պատճառաւ յուսալքուած մեր հոգիներուն։ Թող Աստուած առաջնորդէ բոլորս, որպէսզի կատարելապէս դառնանք «Աթոռանիստ»ը Քրիստոսի, ուր պիտի հաստատուի Աստուածային անխախտելի ու անայլայլելի իշխանութիւնը։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

19 ապրիլ 2020

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2020