ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔԸ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ Տատեան վարժարանի տարեկան շրջանաւարտից հաւաքին առթիւ։ Թէեւ աւանդական են այս հաւաքները, սակայն այս տարուանը ընթացիկ նշանակութենէն դուրս էր, որովհետեւ զուգադիպեցաւ վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Զանազան սերունդներէ տատեանցիներ համախմբուեցան շրջանաւարտներու օրուան առթիւ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ։ Շրջանաւարտները նախ հետեւեցան պարքովիզիոնի ցուցադրութեան մը, որով ներկայացուեցաւ դպրոցի այժմու վիճակն ու գործունէութիւնը։ Ասլին Թուրունչի հանդիսավարութեամբ գործադրուած յայտագրի տեւողութեան ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ եւ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր։ 25-ամեայ եւ 40-ամեայ յոբելեար դասարաններու սաները ստացան յուշանուէրներ։ Բաց աստի յուշանուէրներ վերապահուած էին նաեւ այն շրջանաւարտներուն համար, որոնք զանազան պատճառներով իրենց դասարաններու յոբելենական տարիներէն բացակայած էին։

Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ աշակերտներ հանդէս եկան արտասանութիւններով։ Տղաքը ներկայացուցին նաեւ հայկական ժողովրդական պարեր՝ պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի մականին ներքեւ։

Հանդիսութեան ընթացքին յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ նկարչութեան ուսուցչուհի Մաքրուհի Քեչիեոլուին, որ ստեղծագործած էր 175-ամեակի լոկոն։ Իր յուշանուէրը յանձնուեցաւ ձեռամբ 175-ամեակի Կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Հերմինէ Պենլիօղլուի։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ վարժարանի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Մինչ այդ, բաժակի պահուն հանդէս եկան Չատըրճեան ընտանիքի ներկայացուցիչները, որոնք չորս սերունդէ ի վեր անընդհատ յաճախած են ու կը շարունակեն յաճախել Տատեան վարժարան։

 

Երկուշաբթի, Մայիս 20, 2019