ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԵՑԱՒ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Առուշ Թաշն ու գործակից ընկերները։ Զրոյցի տեւողութեան խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ եկեղեցապատկան կալուածներու վերաբերեալ։ Թաղականները Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեակ պահեցին եկեղեցապատկան կալուածներու առընչուած իրադարձութիւններու շուրջ։ Անոնք նաեւ զեկուցեցին իրենց ապագայ ծրագիրներուն մասին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կարեւորեց թաղային խորհուրդին կողմէ կալուածներու արժեւորման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները։ Իրեն ներկայացուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ՝ Նորին Ամենապատուութիւնը արտայայտեց դիտարկումները եւ ըրաւ հայրական թելադրութիւններ։

Թաղականները Պատրիարքարանէն հրաժեշտ առին ստանալով Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2022