ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ակադեմականներ։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան։ Հիւրերու շարքին էին առհասարակ համալսարանական դասախօսներ։ Զրոյցի ընթացքին ան շեշտեց, որ մեր ակադեմականներու գործունէութիւնը մէկ կողմէ կը նպաստէ Թուրքիոյ բարձրագոյն կրթութեան ոլորտին, իսկ միւս կողմէ պատիւ կը բերէ մեր համայնքին։

Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, թէ անոնց որդեգրած ուղին օրինակ ծառայէ համայնքային վարժարաններու սաներուն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 20, 2022