ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Գալֆաեան Տան մէջ 2018-2019 կրթական շրջանը սկսաւ տօնական մթնոլորտով։ Վերամուտի առաջին օրը բնորոշուեցաւ հանդէսով մը, որուն ներկայ էին խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ իր գործակից ընկերները, հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Քարասու, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։ Տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Թէ՛ կրթական մշակներ եւ թէ աշակերտներ հանդէս եկան սրտի խօսքերով։ 8-րդ դասարանի տղաքը առաջին դասարանի փոքրիկներուն յանձնեցին յուշանուէրներ, յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ։

Այսպէսով Գալֆաեան Տան երդիքին տակ նոր կրթական շրջան մը եւս սկսաւ՝ դրական սպասումներով եւ զգացումներու մեծ տարափով։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018