ՄԱՀ՝ ՊԵՐՃ ԻՍՔԷՆՏԷՐԷՕԶԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած դէմքերէն մին՝ Պերճ Իսքէնտէրէօզը։ Աւելի քան իննսուն տարեկան հասակին ան աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու բոլոր սիրելիները։

Պերճ Իսքէնտէրէօզ մեր համայնքի ամենածանօթ ու խորհրդանշական դէմքերէն մին էր։ Իր կողակցին՝ յայտնի բարերարուհի Սելմա Իսքէնտէրէօզի հետ անպակաս էր մեր համայնքային կեանքի բոլոր ձեռնարկներէն եւ միշտ ունէր իր ներկայութիւնը կարեւոր իրադարձութիւններուն մէջ։ Համեստ նկարագրով, հաղորդական բնաւորութիւնով անձնաւորութիւն մըն էր Պերճ Իսքէնտէրէօզ, որ բոլորին սիրտը գրաւած էր իր դէմքի ժպիտով եւ անկեղծ վերաբերմունքով։

Պերճ Իսքէնտէրէօզ, որ իր սերունդի յատկանշական ներկայացուցիչներէն մին էր, նախակրթութիւնը ստացած էր երբեմնի Հինդլեան վարժարանին մէջ։ Աւելի վերջ յաճախած էր քաղաքիս գերմանական վարժարանը եւ վկայուած՝ Կեդրոնականէն։ Ուսումը աւարտելէ վերջ նետուած էր գործի ասպարէզ ու երկար տասնամեակներ զբաղած էր առեւտուրով՝ ապահովելով բարի համբաւ։

Ընկերային կեանքէ ներս Պերճ Իսքէնտէրէօզի ներկայութիւնը միշտ հաճելի էր։ Իր կողակցին՝ Սելմա Իսքէնտէրէօզի հետ տասնամեակներ շարունակ եղած էր մեր համայնքային ապրումներու յառաջատար մասնակիցներէն մին. այն աստիճան, որ բացակայութիւնը կ՚ըլլար ուշագրաւ։ Պերճ Իսքէնտէրէօզ միշտ կը խրախուսէր իր կողակցին՝ Սելմա Իսքէնտէրէօզի համայնքային գործունէութիւնը՝ որպէս բարերար, մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպիչ կամ Պատրիարքարանի տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի։ Տասնամեակներ շարունակ խաղաղ ու ներդաշնակ կեանք մը բաժնած էր Սելմա Իսքէնտէրէօզին հետ՝ մինչ կը փորձէին իրենց հնարաւորութիւններու սահմանին մէջ զօրակցիլ մեր համայնքի բոլոր հաստատութիւններուն եւ աջակցութեան կարօտ անհատներուն։

Վերջին շրջանին յառաջացած տարիքի բերումով խանգարուած էր Պերճ Իսքէնտէրէօզի առողջական վիճակը։ Դժբախտաբար, իրեն համար ի սպաս դրուած բժշկական խնամքը մնաց անբաւարար եւ ան շաբաթավերջին աչքերը փակեց կեանքին՝ իր ետին թողլով բարի եւ անթառամ յիշատակ մը։

Այս տխուր առթիւ մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք Սելմա Իսքէնտէրէօզին եւ հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն։ Ցաւակցութիւն կը յայտնենք նաեւ Լետա-Պետրոս Շիրինօղլու ամոլին, որ ազգականական կապ ունի հանգուցեալին հետ։   

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2017