ՄԱՀ՝ ՍԱՐԳԻՍ ՃԻԼԱՃԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ժընեւի մէջ քորոնաժահրի համաճարակի զոհ գացած է նախկին պոլսահայ, զուիցերահայ համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն՝

ՏԻԱՐ
ՍԱՐԳԻՍ ՃԻԼԱՃԵԱՆ

Այս կորուստը խոր յուզում յառաջացուցած է իր սիրելիներու շրջանակէն ներս։

Սարգիս Ճիլաճեան 1944 թուականին ծնած էր Պոլիս՝ որպէս որդին Յարութիւն եւ Տիգրանուհի Ճիլաճեան ամոլին։ Տակաւին նորածին կը կորսնցնէ իր մայրը եւ իր խնամքը կը ստանձնեն մեծ ծնողները։ Երկրորդ աշխարհամարտի յաջորդած դժուարութիւններու մթնոլորտին մէջ անցուցած էր մանկութիւնը՝ յաճախելով Գումգաբուի Դրսի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանը։ Նախնական ուսումը ստանալէ անմիջապէս վերջ նետուած էր կեանքի պայքարի։ Փոքր տարիքէն իրեն վիճակած էին ծանր աշխատանք եւ մեծ պատասխանատուութիւններ։ Կեանքի ողջ տեւողութեան յամառ պայքար տարած էր այդօրինակ դժուարութիւններու դէմ՝ երբեք չընկճուելով եւ առեւտուրի կեանքէն ներս զարգացում արձանագրելով, նաեւ բարի համբաւ ձեռք բերելով։

Ամուսնացած էր կրթական մշակ Վարդուհի Թիմուրայաքի հետ։ Սարգիս եւ Վարդուհի Ճիլաճեան ամոլը բախտաւորուած էր երկու դուստրով։ 1982 թուականին ընտանեօք հաստատուած էին Զուիցերիա։ Ժընեւի մէջ նոր կեանք մը կերտած էր՝ ներգրաւուելով ժամացոյցներու սլաքներու արտադրութեան ասպարէզին։ Իրեն բնորոշ յամառութեամբ յանձն առած էր նաեւ պանդխտութեան դժուարութիւնները, որոնք եւս յաղթահարած էր պատուով։ Մասնակցած էր զուիցերահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին, ուր ձեռք բերած բարեկամական շրջանակի համակրանքին ու յարգանքին արժանացած էր։

Նոր միջավայրին մէջ հաստատուելէ որոշ ժամանակ անց իրեն բաժին վիճակած էր առողջական ծանր ցնցում մը։ Բարդ գործողութիւնով մը կարողացած էր յաղթահարել թոքի քաղցկեղը։ Յետվիրահատական հետեւանքները թէեւ կ՚ազդէին իր կեանքի որակին, ֆիզիքական պայմաններուն վրայ, սակայն կը պահէր իր կենսունակութիւնը՝ մասնաւորապէս շրջապատուած ըլլալով թոռնիկներուն կողմէ։ Սա հանգստեան կոչուած շրջանն էր, երբ ան նոր պայմաններու համակերպելով միշտ կը դիմադրէր իր առջեւ ծառացած բարդութիւններուն։ Ան թէեւ դիմադրելու մեծ ընդունակութիւն մը ունէր, սակայն, իրեն պատուհասած քորոնաժահրով վարակումը հազար ափսոս, որ եղաւ բացառութիւն։ Երկար ժամանակ դարմանուեցաւ հիւանդանոցի մէջ, մնաց խտացեալ խնամքի տակ, սակայն, մասնագէտներու ջանքերը բաւարար չեղան իր առողջութեան վերականգնման համար։ Ան աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։ Իր սերունդի ուրոյն ներկայացուցիչներէն մին էր, միշտ կարեւորած էր ընտանեկան յարկէն ներս հայկական շունչի պահպանուիլը՝ հակառակ կեանքի պայքարի բոլոր դժուարութիւններուն։

Հոգելոյս Սարգիս Ճիլաճեանի յուղարկաւորութիւնը այսօր իսկ տեղի ունեցաւ Ժընեւի Ս. Յակոբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ՝ հանդիսապետութեամբ զուիցերահայոց առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Արք. Ալճանեանի։ Համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան ձեւով իրեն հրաժեշտ տրուեցաւ՝ յաւիտենական նենջի խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար աղօթքով։

Երկնային հանգիստ կը հայցենք բարեյիշատակ Սարգիս Ճիլաճեանի հոգւոյն՝ մաղթելով, որ Տէրը երկնային լուսեղէն օթեւաններուն մէջ ընդունի զինքը։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ Տիկին Վարդուհի Ճիլաճեանի, զաւակներուն՝ Մատթէօ-Իրմա Կանտոլֆի ամոլին, Սամուէլ-Լետա Ռէյ ամոլին, չորս թոռնիկներուն՝ Քամիին, Սիրանին, Ազատին եւ Գայիանէին, ինչպէս նաեւ իր բոլոր սիրելիներուն։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2020